Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց յայտարարած է, որ երկիրն այլեւս ի վիճակի չէ իր պետական բոլոր ծախսերը ֆինանսաւորելու, կը հաղորդէ «Deutschlandfunk»ը։
«Գերմանիան այլեւս ամէն բանի համար դրամ չունի», յայտարարած է վարչապետը՝ Պունտըսթակի մէջ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին։
Անոր խօսքով՝ երկիրը ստիպուած պիտի ըլլայ կրճատելու այն ծախսերէն մաս մը, որոնց քաղաքացիները վարժուած են վերջին տարիներուն։ Մերց ընդգծած է, որ պետական ծախսերու կրճատման բացակայութեան պարագային ապագայ սերունդները կը վտանգեն զրկուիլ իրենց սեփական որոշումները կայացնելու համար անհրաժեշտ ֆինանսական միջոցներէն։