image

Անկրկնելի Միսաք Հայկենցի անդարմանելի կորուստը. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Անկրկնելի Միսաք Հայկենցի անդարմանելի կորուստը. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Հայկենցը սրտամօտիկ, անկեղծ ու սիրելի բարեկամ մըն էր, իր նկարագիրով, միութենականութեամբ ու գաղափարախօսութեամբ, ուղղամտութեամբ ու մեծութեամբ, ամբողջականութեամբ եւ ազգասիրութեամբ, մնալով ԱՆԳԵՐԱԶԱՆՑԵԼԻ եւ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ մրցորդ մը, հայ իրականութեան մէջ։

Իր մեկնումը, նման յանկարծակիութեամբ եւ անսպասելիութեամբ, նախ՝ իր հանդարտաբարոյութեամբ ու լռակեացութեամբ, ապա՝ անսպասելիութեամբ եւ անակնկալութեամբ, պէտք է ցուցանէ ու հաստատէ, թէ՝ ան որքան սկզբունքի ու տեսիլքի, հաւատամքի ու գաղափարի աննկուն ասպետ մըն էր, իսկ իր «բացակայութիւն»ը, բազմաթիւ մարզերէ ներս, մե՜նծ բաց մըն է, որովհետեւ՝ անոր ներդրումը, մասնակցութիւնը, գործունէութիւնը, նախաձեռնութիւնը եւ, ընդհանրապէս, ժողովրդականութիւնը, միշտ ալ եղած են օրինակելիութեան, ազնուամեծարութեան ու շնորհապարտութեան վարկանիշներ։

 

 

 

Հայկեան ակունքներէն

Հայկական աղբիւրներէն

Հայկենցեան հետեւորդներէն

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Հայկենցը սրտամօտիկ, անկեղծ ու սիրելի բարեկամ մըն էր, իր նկարագիրով, միութենականութեամբ ու գաղափարախօսութեամբ, ուղղամտութեամբ ու մեծութեամբ, ամբողջականութեամբ եւ ազգասիրութեամբ, մնալով ԱՆԳԵՐԱԶԱՆՑԵԼԻ եւ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ մրցորդ մը, հայ իրականութեան մէջ։

Իր մեկնումը, նման յանկարծակիութեամբ եւ անսպասելիութեամբ, նախ՝ իր հանդարտաբարոյութեամբ ու լռակեացութեամբ, ապա՝ անսպասելիութեամբ եւ անակնկալութեամբ, պէտք է ցուցանէ ու հաստատէ, թէ՝ ան որքան սկզբունքի ու տեսիլքի, հաւատամքի ու գաղափարի աննկուն ասպետ մըն էր, իսկ իր «բացակայութիւն»ը, բազմաթիւ մարզերէ ներս, մե՜նծ բաց մըն է, որովհետեւ՝ անոր ներդրումը, մասնակցութիւնը, գործունէութիւնը, նախաձեռնութիւնը եւ, ընդհանրապէս, ժողովրդականութիւնը, միշտ ալ եղած են օրինակելիութեան, ազնուամեծարութեան ու շնորհապարտութեան վարկանիշներ։

֍֍֍

Հայկենցին հետ ունեցած եմ երկար տարիներու բարեկամութիւն ու մտերմութիւն, այն օրէն սկսեալ, երբ ինք նշանակուած էր ՀԲԸ Միութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնին (1970), իսկ ես՝ այդ թուականին, կրտսեր պաշտօնակից մը, Պէյրութի ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական գրասենեակին մէջ, պարբերաբար պատասխանատու դիրքեր (1970էն սկսեալ) զբաղցնելով, յետագայ տարիներուն։

Իմ յարաբերութիւններս Հայկենցին հետ սկսաւ, նախ՝ կրտսեր պաշտօնակիցի հանգամանքով, նաեւ միութենական նամակագրական, տեղեկագրական ու ատենագրական կապերով, ապա, տարբեր թուականներու, երբ ի պաշտօնէ կամ այցելութեանց գծով, իրեն հետ անձնական մերձեցումներ ունեցայ, Նիւ Եորքի թէ Պէյրութի մէջ։

Ինծի համար, գերագոյն հաճոյք ու պատիւ էր Հայկենցին հետ հանդիպիլը ու զրուցելը, յատկապէս՝ հայրենական, ազգային, միութենական, հրապարակագրական, մշակութային, քաղաքական, միջգաղութային, գաղափարական հրատապ, փշոտ, մտահոգիչ եւ, ընդհանրապէս, անկայուն, անհաշտելի եւ անըմբռնելի հիմնահարցերու ու տագնապներու մասին, իսկ ատոնք, ո՜րքան շատ էին, խայտաբղէտ, վիրաւոր ու ցաւցնող։

Հայկենց օժտուած էր ճոխ գիտելիքներով, տրամաբանող միտքերով, իրատես հայեացքներով, առարկայական վերլուծումներով, սուր դատողութիւններով, անաչառ մօտեցումներով, որոնց ընդմէջէն արդէն կը պարզուէր անոր հասունութիւնը, կրթութիւնը, իմաստութիւնը, տեսլապաշտութիւնը, հմտութիւնը, ինչ հարցի մասին ալ խօսուէր, կամ արտայայտուէր, իսկ այդ միտումները, ոչ բոլորին տրուած ու շնորհուած էին, բացի այն անձնաւորութիւններէն ու հեղինակութիւններէն, որոնք Հայկենցեան արժեչափերով համալրուած ու համատեղուած էին։

Հայկենցը ՈՒՐՈՅՆ սկզբունքներու տէր էր, խոր համոզումներու ջատագով, անզիջող կեցուածքներով պայքարող մը, համայնական ծրագիրներու իրականացնող մը, կառուցողական հիմնարկներու տիտան մը, գաղափարական ուղղութիւններու հետեւորդ մը, կազմակերպչական հարթակներու շինարարող մը, միութենական ցանցերու մտայղացող մը։

Իր տարիներու մասնակցութիւնը, փորձութիւնը ու վարժութիւնը ազգային կեանքին մէջ, իրեն համար դարձած էին բեղմնալի, արգասաբեր եւ արդիւնաւէտ դաշտեր, ուրկէ ան կը գործէր, կը զօրակցէր ու կը հովանաւորէր այն բոլոր միջոցառումները, որոնք իր մտապատկերներուն մէջ տեղ գտած էին, ծաղկած ու ճիւղաւորուած, որպէսզի, ըստ ժամանակի ու կարիքի հնչեղութեան, կարենային կեանքի կռչուիլ, իսկ ատոնց իրականացման մէջ, ան որքան զգուշաւոր ու բծախնդիր էր, որ ամէն ինչ հեզասահ եւ լիիրաւ դառնային։

֍֍֍

Սակայն, ես պիտի ուզէի, իր մեկնումին առիթով, զինք վկայակոչել եւ արժեւորել իր այնքան գրաւիչ ու հրապուրիչ, տպաւորիչ եւ ազդեցիկ ներկայութեամբ, իր մարդկային բարեմասնութիւններով, ազգային դիտարկումներով, մտաւորական իրատեսութեամբ, սթափ մտորումներով ու զգաստ կողմնորուշումներով, որոնք, իրօք, իւրայատուկ էին ու թանկարժէք, մանաւանդ երբ զանոնք կարելի ըլլար արժեչափել, իրենց ծանրակշռութեամբ, արժանաւորութեամբ, տեսանելիութեամբ եւ անմիջականութեամբ, միանգամա՛յն։

Այդպէս էր Հայկենցը. մերթ իր «բարդ» մտայնութեամբ, մերթ՝ իր «անզուսպ» սկզբունքայնութեամբ, մերթ՝ իր «բուռն» քննադատութեամբ, մերթ՝ իր «բուխ» արտայայտութեամբ, մերթ՝ իր «կտրուկ» խստաբարոյութեամբ։

Սակայն, այդ դիրքորոշումները երբեք չէին բխեր անձնական նկրտումներէ, ոչ ալ՝ սեփական հաշիւներէ, այլ՝ միշտ գերակշռողը ու հետապնդուողը կ’ըլլային՝ ճշմարտախօսութիւնը եւ արդարութիւնը, ողջմտային ու նպատակային թեքումներով, հանրօգուտ ու հայանպաստ ուղիներով, ինքնայատուկ բեւեռումներով ու սեւեռումներով։

Բնական է, Հայկենցը չէր ու չէր կրնար ըլլալ այն դէմքը եւ ազգայինը, որ «հաճոյալի կամ հաճելի» կրնար նկատուիլ այնպիսիներէ, որոնք, մէկ կողմէն՝ չէին հասկնար զինք, իսկ միւս կողմէն՝ կը խուսափէին անոր հետ շփուելէ, որովհետեւ գիտէին (կամ չէին գիտեր), թէ իրենց դիմաց կանգնողը եւ արտայայտուողը, իրենց գիտցած «լղրճուկ»ը չէ…։

Իսկ Հայկենց, իր բարձր պատասխանատուութեամբ, յանձնառու պարտականութեամբ, լիաբուռն գիտակցութեամբ եւ ամբողջական պատրաստակամութեամբ, կը մնար իր «բարձունք»ներուն վրայ, առանց գտնուելու կողմնակի ու ձախաւեր դիրքերու վրայ, որովհետեւ գիտէր իր սահմանները, իր պատասխանատուութիւններու լրջութիւնները, որոնցմէ չէր կրնար զիջիլ, նոյնիսկ սանթիմ մը։

Հայկենց, թէեւ լռակեաց դիտող ու հետեւորդ մըն էր, մեր համայնական կեանքին «եռուզեռներուն եւ ելեւէջներուն», սակայն, գիտէր անոնց տուն տուող պատճառները, նաեւ զանոնք բառնալու հնարքները, գիտէր նաեւ, որ իր հրապարակային դատումներն ու դիտարկումները կրնան շատերու… անհանգստացնել, ատոր համար, իր միտքերը, տեսակէտները, կարծիքները կամ գաղափարները կը խնայէր այդպիսի… թուլամորթներու նկատմամբ։

֍֍֍

Այժմ, կը ներկայացնեմ կարգ մը յատկանիշներ, արժանիքներ, նկարագիրներ, շնորհալիութիւններ, ինքնատպութիւններ ու տեսապաշտութիւններ, որոնք ԶՈՒՏ ՀԱՅԿԵՆՑԵԱՆ էին եւ ազգային-հասարակական, գաղութային-միութենական, ընկերային-հաղորդական կեանքին ու գործունէութեան մէջ, որպէս անկրկնելի եւ անփոխարինելի ՎՃԻՏ մասունքներ ու ԼՈՒՍԱՏՈՒ ջահեր, այնքան իմաստալից էին, ոգեշնչող, կենսատու, լրջամիտ, հաւասարակշիռ, դիպուկ ու տպաւորապաշտ, միշտ անյագութեան մէջ պահելով ունկնդիրներն ու զրուցակիցները, իսկ ընթերցողներն ալ՝ ինքնաբաւութեան ու գոհունակութեան զգացումներու մէջ։

Հայկենցին իւրաքանչիւր ելոյթը, բեմբասացութիւնը, բանախօսութիւնը եւ հռետորութիւնը, միշտ ալ ընկալուած էին խոր հասկացողութեամբ, ընդունելի խոհեմութեամբ, վարակիչ պերճախօսութեամբ, բայց, մանաւանդ՝ դաստիարակիչ բնոյթով եւ ուղղամտութեամբ, դիւրահաս վերլուծութեամբ եւ, ինչ որ կարեւոր է, իր բիւրեղ լեզուով ու պատկերաւոր ոճով, դառնալով որոնելի պատգամախօս մը։

Արդարեւ, եթէ ամփոփենք ու թուարկենք Հայկենց - հեղինակութեան, անուանիութեան ու ժողովրդականութեան արժանաւորութիւնները, կարելի է խտացնել հետեւեալ կէտերուն մէջ.

Ա. Կուռ գաղափարախօս-գաղափարակիրը

Բ. Ձեռնհաս վարչագէտ-կազմակերպիչը

Գ. Հմուտ հրապարակախօս-հրապարակագիրը

Դ. Բեղուն մտաւորական-գրքահեղինակը

Ե. Անշեղ հայրենասէր-հայրենամէտը

Այս մարզերուն մէջ, Հայկենցը ոչ միայն անգերազանցելի էր, այլեւ՝ տաղանդաւոր միտքի ու գրիչի, խելքի ու ձիրքի ամբողջականութիւն մը, հիմնովին նուիրուած ըլլալով իր ազգային պատկանելիութեան ծառայութեանց, իր ներուժը ու ներդրումը լիովին դնելով, իր գաղափարախօսութեան, ազգութեան ու հայրենակերտութեան հորիզոնականներուն վրայ, գերագոյն նուիրուածութեամբ դառնալով անոնց առողջացման ու կենդանացման մնայուն եւ յաւիտենական սպասարկողը եւ ժամանակները ցոյց տուին, թէ ան իրապէս կը գտնուէր իր երթուղիի ճիշդ ճամբուն վրայ։

֍֍֍

Վերջին տասնամեակներուն, Հայկենցը հրապարակներէ ու լուսարձակներէ հեռու էր, սակայն, իր կեանքը դասաւորած էր նրբութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ ինքնապահպանութեամբ, սակայն, առանց անջատուելու կամ խզուելու իր այն իրագործումներէն, տուեալներէն, կերտումներէն, հիմնարկէքներէն ու կառուցումներէն, որոնք ծաւալուած էին Եգիպտոսէն մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ, իր ճիգը, դրոշմը, կնիքը դրած ըլլալով, որպէս իր «հարազատ»ները։

Բաց աստի, ան միշտ աչալուրջ էր, հետեւորդ, արթնամիտ եւ իրատես իր հայրենիքին անցուդարձերուն հետ, իր ուրոյն բացատրութիւններով ու մեկնաբանութիւններով, նաեւ սփիւռքահայութեան նկատմամբ ունենալով իր սպառիչ տեղեկութիւններն ու տպաւորութիւնները, գաղութէ-գաղութ ճանչցուելով բանիմաց իրազեկ մը, հոն տիրող կացութաձեւերուն մասին, միշտ իր շինիչ եւ օգտաբեր հայեացքներով։

Իսկ այդ բոլորին ընդմէջէն, Հայկենցը լոկ դիտող մը չէր, ոչ ալ միշտ համակերպող մը, երբ կը տեսնէր կամ կ’իմանար որոշ սայթաքումներ կամ ոտնձգութիւններ, որոնք իրեն համար անթոյլատրելի եւ անհանդուրժելի կը նկատուէին։

Այս բոլորը ի՞նչ կը նշանակեն, եթէ ոչ բազմագիտակ ու բազմաշնորհ անձնաւորութեան մը նախանձախնդրութիւնը եւ հետեւողականութիւնը իր շուրջ տարածուող ու նշմարուող տաք ու պաղ, թեր ու դէմ, ձախ եւ աջ արձանագրուող վերիվայրումներուն, որոնց նկատմամբ Հայկենց չէր կրնար մնալ անտարբեր, թէկուզեւ, իր հեռաւոր առանձնատունէն, զոր վերածած էր գաղափարական դպրոցի, հայրենական օճախի, ազգային օրրանի, հոն գտնելով եւ ապրելով իր շրջապատի ու միջավայրի ներաշխարհը, առանց յանձնուելու ասոր կամ անոր հմայքին, ոչ ալ յարելով մէկուն ու միւսին քմայքներուն, այլ՝ վստահելով միայն իր ուժերուն ու կարողութիւններուն վրայ։

Հայկենցը, Հայկեանց աւանդութեանց ու գերդաստանութեանց շառաւիղներու հաւատարմագրութեամբ «ծնունդ» առաւ եւ այդ շնորհալիութեամբ կապուած մնաց իր արմատներուն եւ ակունքներուն, ամենայն նուիրուածութեամբ ու ծառայութեամբ, ոգի ի բռին ջերմութեամբ ու սրտակցութեամբ, առանց ընկրկումի ու տատանումի, միշտ մնալով, իր ինքնութեան եւ էութեան սրբատաշ սիւներէն մէկը, այդ տեսիլքով ու մարմաջով ալ, իր կենաքը տրամարդելով ՀԱՅԿԵԱՆ հաւատամքի յաւերժութեան։

֍֍֍

Այս գրութեան սկիզբը կը մատնանշէի ու կը հաստատէի, թէ Հայկենցը ՀԲԸ Միութեան ընդհանուր տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնէն ետք լծուեցաւ իր նախասիրած աշխատանքներուն եւ ուսմունքներուն, իսկ ես՝ անոր կրտսեր բարեկամը, ականջ դնելով իր խորհուրդներուն ու թելադրութիւններուն, հետեւելով իր գործնական, զուսպ, այլապէս ալ՝ օգտաշատ խորհուրդներուն, որովհետեւ՝ ան գիտէր չափաւորութեան ու զգուշաւորութեան սահմաններուն պահպանումը, ի դէմս՝ ոմանց բրտութեանց ու բռնութեանց կամ ալ՝ ամբարտաւանութեանց ու սանձարձակութեանց։

Այս առիթով, կրնամ ըսել եւ յայտարարել, որ՝ իմ երկարամեայ ազգային-կուսակցական, միութենական-կրթական, հրապարակագրական-գրական, հասարակական-ուսումնասիրական կեանքին ընթացքին, Հայաստանի թէ Սփիւռքի (բազմակողմանի) գրչեղբայրներու հետ ծաւալած եմ հարուստ եւ անբեկանելի կապեր, որոնց հետ ունեցած եմ այլազան նամակարգութիւններ, եւայլն, մեծկակ թղթածրարի մը հաւաքագրումով, «նամականի» բազմաշերտ խորագրի մը տակ ու կը սպասեմ այն ԱՌԻԹԻՆ, որ կարենամ զայն հրատարակել։

Հայկենց, կը մնայ այդ շարքի գլխաւոր դէմքերէն մէկը իր ուսանելի գրութիւններով, մէջբերումներով, լրջախօսութիւններով ու հաճելի մտորումներով, որոնք, իսկապէս, կը նկատուին գրական արժէքաւոր «կտորներ» ու «նմոյշներ»։

֍֍֍

Վերջին տարիներուն, խիստ ուրախալի ու պատուաբեր «անակնկալ»ներու առջեւ գտնուեցանք, երբ Հայկենց հրատարակեց քանի մը հատորներ, որոնք, ըստ իս, գրական լուրջ գործեր էին եւ արժանի՝ համապատասխան գնահատանքի։

Անոնցմէ երկուքին գրախօսականները գրեցի եւ հրատարակուեցաւ ՌԱԿի մամուլին մէջ, ինչ որ Հայկենցին համար, մեծ հաճոյք ու գոհունակութիւն էր։

Այնուհետեւ, իմ գնահատականս տալէ ետք, միշտ հետապնդեցի ու խնդրեցի, որ շարունակէ իր «ստեղծագործական արշաւ»ը, որովհետեւ, իսկապէս, բացառիկ խորք, լեզու եւ ոճ ունէր, հետեւաբար, պէտք էր շարունակէր զանոնք, նորանոր հատորներով։

֍֍֍

Քանի մը շաբաթ առաջ, ստացայ այդ «աւետիս»ը, երբ ձեռքս հասաւ Հայկենցին նոր գիրքը.

«ՏԻԳՐԱՆ ԵՐԿԱԹ

Իրաւ Առաջնորդը

Խնդրութիւն եւ Խորութիւն»

Անմիջապէս, ուղղակի իրեն յայտնեցի ուրախութիւնս եւ գրեցի թէ՝ շուտով կը գրախօսեմ։

Արդէն սկսած էի ընթերցել, երբ իր մահուան ցաւալի լուրը ստացայ, այդուհանդերձ, երբ շուտով աւարտեմ զայն, կը դարձնեմ հասարակութեան եւ ընթերցողներու սեփականութիւնը։

ՍԻՐԵԼԻ ՀԱՅԿԵՆՑ, ԳԼԽԱԳԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄ, ԵՐԴՈՒԵԱԼ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍ, ԱՆԲԱՍԻՐ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ, ՍՈՒՍԻԿ-ՓՈՒՍԻԿ ՄԵԿՆԵՑԱՐ, ՉԵՄ ԳԻՏԵՐ, ՔՈՒ ԱՆՑԵԱԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԴ ՊԻՏԻ ՅԻՇԵ՞Ն ՔԵԶ, ԲԱՅՑ, ԱՌԱՆՑ ԱՏՈՐ ԱԼ, ԴՈՒՆ ԿԸ ՄՆԱՍ ԱՆՇԷՋ ԵՒ ԱՆՄԱՐԵԼԻ ՓԱՐՈՍ ՄԸ։

(Պէյրութ)

Սիրելի Հայկենցէն «նմուշիկ» մը, ուր կը տեսնուի իր «բարձրամակարդակ» միտքերէն, նկարագրութենէն, լեզուէն ու վկայութենէն մէջբերում մը, մնացածը վերապահելով… ապագային։

Բարի լոյս սիրելի Պարոյր,

Հեղեղային անձրեւներէ ետք եւ մեծ տագնապներու կողքին մեր մօտ կտոր մը խաղաղ արեւ ծագած է այս առաւօտ։ Յուսամ ձեր կրած ցնցումները մեղմացած են եւ հայ դպրոցը քեզի նման վաստակաշատ դաստիարակ ուսուցիչի մը առաջնորդութեամբ հաւատքով կը շարունակէ հայակերտումի առաքելութիւնը։

Հարկադրաբար տասնամեակներ անտեսելէ ետք վերջերս ձեռք առի Արեւ, Արաքս, Ջահակիր, Սաւառնակ եգիպտահայ թերթերուն մէջ փոշիանալու մօտեցած էջերս վերականգնելու գործը։ 1963ի Օգոստոսին անոնք շալակիս վրայ արիաբար կտրած էին Միջերկրականն ու Ատլանտեանը եւ ինծի հետ ծերացած։ Այլ պարտաւորութիւններ ալ կան զորս չեմ կրնար անտեսել։ Այս պայմաններուն տակ հնարաւոր չէ ինծի կանոնաւոր թղթակցութիւն կամ հեռախօսով կապ պահել բարեկամներու եւ ազգականներու հետ։

Բարեյոյս օրերու եւ քաջառողջութեան ջերմ մաղթանքներով՝

Հայկենց