image

UKMTO-ն յայտնած է Տուպայի արեւմտեան հատուածին մէջ լցանաւի մօտ պայթումի մասին

UKMTO-ն յայտնած է Տուպայի արեւմտեան հատուածին մէջ լցանաւի մօտ պայթումի մասին

Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ մէջ՝ Տուպայէն 93 քմ դէպի արեւմուտք, նաւթատար նաւու մը հրամանատարը յայտնած է նաւուն մօտակայքը անծանօթ արկի պայթումի մասին։ Այս մասին X-ի իր էջին վրայ յայտնած է Միացեալ Թագաւորութեան ծովային առեւտրական փոխադրումներու գործակալութիւնը (UKMTO)։

Գործակալութիւնը իր տեղեկագրին մէջ նշած է, որ նաւը վնաս չէ կրած, շրջակայ միջավայրին վրայ որեւէ ազդեցութիւն չէ արձանագրուած, իսկ անձնակազմի բոլոր անդամները ապահով են։

Նշուած է նաեւ, որ իրաւասու մարմինները հետաքննութիւն կը կատարեն, իսկ նաւերուն խորհուրդ կը տրուի զգուշութիւն ցուցաբերել եւ կասկածելի որեւէ գործողութեան մասին տեղեկացնել UKMTO-ին։