«Ատրպէյճանի մէջ ռազմակայան ստեղծելու՝ Թուրքիոյ ծրագրերու մասին լրատուամիջոցներու հաղորդումները քաղաքական շահարկումներ են։ Պէտք է ըսեմ, որ ատոր կարիքը չկայ, այդ տեղեկութիւնները կեղծ են»,–ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը «Ռուսիան այսօր» մետիախումբի գլխաւոր տնօրէն Տմիթրի Քիսելեովի հետ հարցազրոյցի ժամանակ։
Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին հռչակագրին մէջ կայ կէտ, որ կ՚ենթադրէ փոխադարձ ռազմական օգնութիւն՝ սպառնալիքի եւ յարձակումի պարագային, յիշեցուցած է ան։
«Սա ե՛ւ Ատրպէյճանի, ե՛ւ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնն է օգնութեան հասնիլ, եթէ երկիրներէն որեւէ մէկը բախի արտաքին սպառնալիքի, արտաքին յարձակման: Հետեւաբար, հռչակագրի այս կէտը, ըստ էութեան, բացարձակապէս աւելորդ կը դարձնէ այս կամ այն տարածքին մէջ մշտական ռազմական ենթակառուցուածքներու ստեղծումը»,-պարզաբանած է ան։
Ալիեւ նաեւ ընդգծած է, որ Պաքուն Անգարայի շնորհիւ հասած է «ռազմական գործողութիւններու գործնականութեան բարձր աստիճանի»: