image

Ատրպէյճանցքին դարձեալ կը խօսին «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին

Ատրպէյճանցքին դարձեալ կը խօսին «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին

 Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով Ատրպէյճանի խորհրդարանի նիստի ընթացքին յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը մեծ խթան պիտի հանդիսանայ Ատրպէյճանի զարգացման համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«Հայրենական պատերազմին յաջորդած ժամանակաշրջանին մեծ աշխատանք տարուած է ազատագրուած տարածքներու վերականգնման ուղղութեամբ: «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը մեծ խթան պիտի հանդիսանայ Ազրպէյճանի զարգացման համար», ըսած է Ատրպէյճանի կառավարութեան ղեկավարը:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն