Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ նախնական պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Barkan ցամաքային մարտական ռոպոթի գնման վերաբերեալ, կը յայտնէ Report-ը։
Թրքական HAVELSAN ընկերութեան նախագիծերու ղեկավար Վէյսել Աթաօղլուի խօսքով՝ երկու երկիրներու համապատասխան բանակցութիւնները կայացած են Իսթանպուլի մէջ SAHA Expo պաշտպանական ցուցահանդէսի ծիրէն ներս։
«Առաջիկային Barkan ցամաքային մարտական ռոպոթը ծառայութեան պիտի անցնի Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն մէջ»,-ըսած է Աթաօղլուն։
Նշուած է, որ թրքական HAVELSAN ընկերութեան արտադրած Barkan-ը, որ կը կշռէ 380 քկ, ի վիճակի է փոխադրել կամ քաշել բեռներ, ապահովել պաշտպանութիւն, իրականացնել զինուած հետախուզութիւն, պայթեցնել ականներ եւ չպայթած զինամթերք։ Barkan-ը, որու առաջին նմուշը արտադրուած է այս տարուան մարտ-ապրիլին, յաջողութեամբ անցած է փորձարկումները Թուրքիոյ զինուած ուժերուն մէջ։