Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաստատած է Իրանի դէմ լայնածաւալ ռազմական գործողութեան մեկնարկը։ Այս մասին Թրամփ յայտարարած է Truth Social էջին հրապարակուած տեսաուղերձին մէջ։
«Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը լայնածաւալ մարտական գործողութիւն սկսած է Իրանի մէջ: Մեր նպատակն է պաշտպանել ամերիկացի ժողովուրդը իրանեան ռեժիմի սպառնալիքներէն։ Մենք պիտի ոչնչացնենք անոնց հրթիռները, անոնց ռազմածովային նաւատորմը», -ըսած է Թրամփ։
Թրամփ յայտարարած է, որ Իրանը կը փորձէր վերականգնել իր միջուկային ծրագիրը եւ շարունակել զարգացնել հեռահար հրթիռներու համակարգը, որոնք կրնան սպառնալ Եւրոպային, ամերիկեան զօրքերուն, որոնք տեղակայուած են արտերկրի մէջ, ինչպէս նաեւ կրնային հասնիլ մինչեւ Ամերիկա մայրցամաք։
«ԱՄՆ-ն կը ձեռնարկէ լայնածաւալ գործողութիւն, որ կանխէ արմատական բռնատիրական իշխանութեան սպառնալիքն Ամերիկայի նկատմամբ»,- յայտարարած է ԱՄՆ նախագահը։