Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին կողմէ հաստատուած 2022 թուականի մարտական պատրաստութեան ծրագրի համաձայն` երկրի ցամաքային զօրքերու հրթիռային եւ հրետանային ստորաբաժանումները կատարած են համազարկային կրակի համակարգերէն կրակելու առաջադրանքներ:
Իրական մարտի պայմաններուն համապատասխան կատարուած վարժանքներու ընթացքին անձնակազմերը կատարած են ճշգրիտ կրակով պայմանական հակառակորդի թիրախները յայտնաբերելու եւ ոչնչացնելու առաջադրանքները: