image

Ատրպէյճան Հայաստանին ժամանակ տուած է Ստեփանակերտի մէջ ամիսներ առաջ մահացած կնոջ մարմինը վերցնելու համար

Ատրպէյճան Հայաստանին ժամանակ տուած է Ստեփանակերտի մէջ ամիսներ առաջ մահացած կնոջ մարմինը վերցնելու համար

Եթէ ​​Հայաստանը չընդունի Ստեփանակերտի բնակչուհիի դիակը, անոր պիտի յուղարկաւորեն Ատրպէյճանի մէջ: Այս մասին ատրպէյճանական լրատուականներու հաղորդմամբ յայտնած են Ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով պետական ​​յանձնաժողովէն:

Յիշեցնենք, որ 70-ամեայ Վերա Աղասեանի մահուան մասին յայտնի դարձաւ հոկտեմբեր 23-ին։ Ըստ ատրպէյճանական ԶԼՄ-ներու՝ նախնական տուեալներով մահը վրայ հասած է սուր սրտանօթային անբավարարութեան եւ թոքային զարկերակի թրոմպոզի հետեւանքով։ Կինն, ըստ ատրպէյճանական ԶԼՄ-ներու, վախճանած է հոկտեմբեր 20-ին։

Կարմիր խաչի միջազգային կիմիտէի Հայաստանի մէջ պատուիրակութենէն «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցին զերծ մնացին տեղեկութիւնը հաստատել կամ հերքելէ՝ նշելով, որ իշխանութիւններու անունով չեն կրնար որեւէ բան ըսել, միեւնոյն ժամանակ, ընդգծեցին, որ ինչպէս աւելի վաղ ըսած էին՝ պատրաստակամ են աջակցելու որեւէ լուծում գտնելու պարագային։