image

Աշոտեան «փակ ինքնաշարժով» իր բնակարան փոխադրուեցաւ

Աշոտեան «փակ ինքնաշարժով» իր բնակարան փոխադրուեցաւ

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը «Նուբարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկէն (ՔԿՀ) իրենց ինքնաշարժով տեղափոխած են տուն: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է անոր պաշտպաններէն Տիգրան Աթանէսեան:

«Քրէակատարողական ծառայութեան աշխատակիցները մեզ տեղեկացրին, որ պարոն Աշոտեանին իրենց մեքենայով կը տեղափոխեն տուն: Օրէնքով չնախատեսուած կարգ է, բայց իրենց մօտ աւանդոյթ է դարձել որոշ դէպքերում։ Միշտ չէ, որ այդպէս է լինում», - պարզաբանած է Աթանէսեան:

Աշոտեանի միւս պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանն ալ նշած է. «Աշոտեանն այն մարդն է, որի նկատմամբ քաղաքական հետապնդումը լայն հանրային հնչեղութիւն է ստացել թէ՛ ՀՀ-ում, թէ՛ ՀՀ-ից դուրս: Բնականաբար, բազմաթիւ լրատուամիջոցներ կան այստեղ, Արմէն Աշոտեանը կարող էր դուրս գալ, բազմաթիւ հարցերի պատասխանել, կարծում եմ՝ քաղաքական իշխանութեան տեսանկիւնից այդքան էլ յարմար չէր դա»:

Նշենք, որ Արմէն Աշոտեան կալանքի տակ մնացած է մէկ տարի եւ հինգ ամիս։ 

Յիշեցնենք, որ Դատարանը որոշած էր ՀՀԿ-ի փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը ազատել կալանավայրէն եւ սակայն տնային կալանքի որոշում ընդունիլ։ Այն նաեւ նշանակած էր անոր նկատմամբ 25 միլիոն դրամ գրաւ։ Աշոտեան պիտի մնար կալանքի տակ մինչեւ գրաւի գումարի վճարումը։

Յիշեցնենք նաեւ, որ ըստ Քննչական կոմիտէի՝ Կրթութեան եւ գիտութեան նախկին նախարար Արմէն Աշոտեան կը մեղադրուի պաշտօնէական դիրքի չարաշահման եւ փողերու լուացման համար, որ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ: