image

Աշխատասիրութիւն, հաւատարմութիւն եւ սէր ... Լեւոն Ասորեանի պատմութիւն (Տեսանիւթ)

   Աշխատասիրութիւն, հաւատարմութիւն եւ սէր ... Լեւոն Ասորեանի պատմութիւն (Տեսանիւթ)

Օրերս «Ալ Արապիա» կայանը պատրաստած է կարճ տեսանիւթ մը նուիրուած Աղէքսանդրիոյ մեր հայրենակիցներէն՝ Լեւոն Պետրոս Ասորեանին։

 Անոնց համար, որ չեն ճանչցած ըսենք, որ Պրն. Լեւոնը , կամ «Խաուակա» Լեւոնը կը համարուի այդ քաղաքի ամենավաւերական համարուող «Արաքս» տպարանի տէրն ու տնօրէնը։

 

  Երկար ճանապարհ անցած մեր հայրենակիցը շառաւիղն է, որպէս գաղթական Եգիպտոս ժամանած Ասսարեաններուն, որոնք նոր հմայք եւ փայլ տուած են տարիներ առաջ հիմնադրուած «Արաքս» տպարանին, ուր կը հրապարակուէր Աղէքսանդրիոյ հայկական թերթերէն մին։

 

 Օրերը եւ ժամանակները փոխուած են, բայց  Ասորեաններու կամքն ու ոգին մնացած են նոյնը։

 

 Կամք ՝ աշխատանքի հանդէպ, հաւատարմութիւն իրենց առջեւ իր դռները լայն բացած Եգիպտոսին (ինչպէս տեսանիւթին մէջ ալ երեւելի կը դառնայ) ու սէր, ոչ միայն ընտանեկան նեղ շրջանակին հասցէագրուած այլ բոլոր բարի եւ իրենց աշխատանքն ու շրջապատը սիրող մարդկանց։

 

 

 Գաղթականութիւնէ դէպի ապահով եւ բարօր կեանք  դիավարած Ասորեանները փոքրիկ օրինակ մըն մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք անտեսելով եւ յաղթելով ամենադժուարին պայմաններուն, կարողացած են ոսկեայ տառերով փորագրել իրենց անունները եւ այդպիսով ալ բարի օրինակ ծառայել բոլորին։

 

 Մնացեալը ՝ Տեսանիւթով։

Նիւթը՝ Аrevelk.am-ի