Կան մարդիկ, որոնք Սփիւռքը ճանչցած են միայն բառով։ Կը խօսին Սփիւռքի մասին, կը դատեն զայն, երբեմն նոյնիսկ կը փորձեն դասեր տալ անոր, բայց երբեք չեն ապրած անոր թաղերուն մէջ, չեն տեսած հայ ընտանիք մը, որ օտար հողի վրայ իր տունը վերածած է փոքրիկ Հայաստանի, չեն լսած հայ մօր օրօրոցայինը, չեն ապրած այն իրականութիւնը, ուր եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը, միութիւնը եւ հայ ընտանիքը միասին կազմած են գոյատեւելու ամրոցը։ Իսկ Սփիւռքը, իր ամբողջ պատմութեամբ, շատ աւելի խոր բան մըն է, քան աշխարհագրական սահմաններէն դուրս ապրող հայերու հաւաքականութիւնը։ Ան քանի մը սերունդներու զոհողութեան, աշխատանքի, հաւատքի եւ յամառութեան արդիւնքն է։
Լիբանանահայ գաղութի մը քանի մը թաղերուն այս շէնքերը, հետեւաբար, պարզապէս բնակարաններ չեն։ Անոնք հայապահպանութեան կենդանի վկայութիւններ են։ Եւ անոնց պատերուն վրայ գրուած հայ անունները կը պատմեն այն Սփիւռքի մասին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութենէն շատ առաջ գիտէր, թէ հայրենիքը միայն տարածք չէ, այլ նաեւ լեզու, եկեղեցի, ընտանիք, յիշողութիւն եւ պայքար։
Երբ այս իրականութիւնը չճանչցողներ Սփիւռքը կը չափեն իրենց քաղաքական կամ վարչական պատկերացումներուն չափանիշով, արժէ նախ մէկ բան յիշեցնել՝ Սփիւռքը ոչ ոքի կթան կովն է։ Սփիւռքը ինքզինք ստեղծած, ինքզինք պահած եւ իր ինքնութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցած հայ իրականութիւն մըն է։
Բոլոր անոնք որոնք Հայաստանի մէկ բաժնին՝ այսօրուայ քարտէսով Արեւելահայաստանի տարածքին մէջ կը բնակին, իրենց կամքէն անկախ՝ հայերէն տառերով ինչ որ հայերէնի նմանող լեզու մը կը խօսին (օտարաբանութիւններով ողողուած), Խորհրդային Միութեան փլուզումի արդիւնքով իրենց մնացած տուն-տեղ, անշարժ եւ շարժական գոյք ունին իբր ժառանգ, ատոնցմէ եկած գործ-պաշտօնով պատուուած են, կամ ստացած են իւղոտ պաշտօն եւ եղած են (իրենց բարբառով) չինովնիկներ (հայերէնով՝ պետական պաշտօնեաներ), անոնք՝ որոնք համայնավար գաղափարաբանութեամբ դաստիարակուած արդէն չորրորդ սերունդն են, անոնք՝ որոնք կամովի օտարացման ամէնօրեայ վիճակի մէջ են, լաւ թող կարդան, մանաւանդ անոնք որոնք Սփիւռք բառը լսած են եւ իրենց գլխուղեղին մէջ Սփիւռքը տեղ գտած է իբր կթան կով, չեն եղած Սփիւռքի որեւէ գաղութի հայահոծ թաղ, չեն տեսած Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու չորս սերունդներուն տառապանքի, քրտինքի եւ արիւնի խառնուրդի արդիւնքը, նամանաւանդ չեն տեսած՝ ի տարբերութիւն իրենց ապրած Սովետական երկրին, թէ Սփիւռքի մէջ ինչպէ՞ս տեղի ունեցած է հայապահպանումը, թող բարի ըլլան եւ լռեն, լռե՛ն նախքան նուազագոյն ծանօթութիւն ունենալը Հայ Սփիւռքի մասին, որուն անշուշտ մաս չեն կազմեր 1991-ի անկախութենէն ետք դասալքութեամբ Արեւելահայաստանէն փախուստ տուածները։
Կցուած կը տեսնէք Սփիւռքի սիրտ՝ լիբանանահայ գաղութի թաղերէն կարգ մը շէնքերու մուտքերը. բազմայարկ այս շէնքերը անուանակոչուած են հայկակա՛ն անուններով, այդ անունները հայերէնո՛վ արձանագրութիւն կը կրեն. այդ անունները դրուած են կա՛մ շէնքերը կառուցող հայերու կամ ալ հոն բնակող հայերու կողմէ։ Այս շէնքերը շատ դիւրութեամբ կնային կոչուիլ օտար անուններով, կամ դրուած այդ անունները դիւրութեամբ կրնային փոխուիլ ժամանակի ընթացքին, բայց, հոն բնակող իւրաքանչիւր տուն հայկական էր, հայկական աւանդակա՛ն օճախ էր, հոն ծնած ու հասակ առած երեխաները մկրտուած են հայկակա՛ն եկեղեցիներու մէջ, յաճախած են հայկակա՛ն դպրոցներ, անդամակցած են հայկակա՛ն միութիւններու եւ կուսակցութիւներու, այդ տուներուն մէջ հայերէ՛ն երգերով հարսանիքներ եղած են, կիրակնօրեայ խորովածները այդ տուներէն մշուշոտած են՝ ամէնուրեք հայկակա՛ն շունչ սփռելով, այս շէնքերու տուներէն հայրերը աշխատանքի գացած են պահելու իրենց հա՛յ ընտանիքը, վերադարձած են բերելով միայն ու միայն հայկակա՛ն աշխատասիրութեամբ վաստակուած հացը... մայրերը այս տուներէն ներս իրենց նորածիններուն «Օրօր»ը հայերէնո՛վ երգած են....
էհհ ինչքան երկար կարելի է գրել այս շէնքերուն մէջ բնակող եւ «հայ» անունը երկար երկար տարիներ բնա՛զդաբար բարձր պահողներու մասին... ինչքան, եւ ի՞նչ գրել Սփիւռքի մէջ ապրող այդ սերունդներուն մասին, որոնք իրենց տուները վերածած էին մէկական Հայաստանի, կ՚ապրէին Հայաստանով, կ՚երազէի՛ն Հայաստանը՝ որուն Դատին եւ ազատութեան փշոտ ճամբուն վրայ ինկան անոնցմէ շատեր... առանց տեսնելու Հայաստանը, առանց տեսնելու...
Հայ Սփիւռքը չհանդուրժող հայաստանաբնակ ա՛յդ տեսակը, որ ինքզինք կոչելով հայ կը յաւակնի յայտարարել որ «հզօր Սփիւռքը վնաս է Հայաստանին»։
Անշուշտ Սփիւռքեան գաղութի մը քանի մը թաղի քանի մը շէնքի այս պատմութիւնը՝ այդ բոլորին կազմակերպուածութիւնը, պաշտպանութիւնը զուգադիպութեամբ չեն եղած.- այս պատմութիւնը փոքր դրուագ մըն է այն Կազմակերպութեան գործունէութենէն որ ի հեճուկս թուրքիզմին եւ փոլշեվիզմին մնաց կանգուն, ապրեցաւ հայ ժողովուրդին հետ, գործեց հայ ժողովուրդին համար, համագործակցեցաւ հայ իրականութեան մէջ միւս քաղաքական միաւորներուն հետ, յանուն Հայկական Արեւելումին՝ պահեց Հայ Սփիւռքը։
Այդ կազմակերպութեան անունը ՀՅԴ է։ Ահա ի՛նչն է որ կ՚ուզեն յիմնահատակ ընել նոյնինք անոնք՝ որոնք երեկ ուրացան Եսայի Հասան Ճալալեանը։ Ահա՛ շէյթան, ահա՛ մէյտան…
Սագօ Գասապեան