Ալպանիոյ մէջ Տիելա անունը ստացած «Արհեստական բանականութեան» ստեղծած նախարարն առաջին անգամ ելոյթ ունեցած է խորհրդարանին մէջ, վստահեցուցած՝ իր նպատակն է ոչ թէ փոխարինել, այլ օգնել մարդոց:
Ան յիշեցուցած է, որ որեւէ սահմանադրութիւն պատասխանատւութեան, թափանցիկութեան եւ հաւասարութեան մասին է, եւ ինքը կրնայ ապահովել այդ դրոյթներու կատարումը։
Ընդդիմութիւնը դժգոհութիւն յայտնած է արհեստական բանականութիւնը նախարար նշանակելու՝ Ալպանիոյ վարչապետի որոշման կապակցութեամբ: Ընդդիմութեան շարք մը ներկայացուցիչներ շիշեր շպրտած էին Էտի Ռամայի ուղղութեամբ եւ ընդհատած խորհրդարանի նիստը:
Տիելան ստեղծուած է՝ որոշումներ կայացնելու պետական մրցոյթներու եւ գնումներու վերաբերեալ, որ, ըստ իշխանութեան, պիտի օգնէ պայքարիլ փտածութեան դէմ: Աշխարհի մէջ առաջին թուային նախարարը պատկերուած է որպէս կին՝ աւանդական ալպանական տարազով: