Շուէտ եւ Ֆինլանտա դեռ չեն բաւարարած Թուրքիոյ՝ արտայանձնման խնդրանքը։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ։
18 Մայիսին Ֆինլանտան եւ Շուէտը Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յատուկ ռազմական գործողութեան ֆոնին ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարին յայտ ներկայացուցած են՝ դաշինքին միանալու համար։ Թուրքիան նախ արգելափակած է յայտերը, սակայն աւելի ուշ՝ 29 յունիսին, Թուրքիան, Շուէտն ու Ֆինլանտան ստորագրած են անվտանգութեան յուշագիր, ուր հաշուի առնուած է Անգարայի բոլոր մտահոգութիւնները։ Թուրքիան, իր հերթին, ետ կանչած է իր առարկութիւնները եւրոպական այս երկու երկիրներու՝ ՆԱԹՕ մտնելու վերաբերեալ։
«Թուրքիոյ դրական որոշումը չի նշանակեր, որ Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕ-ին միանալու գործընթացն աւարտած է։ Եթէ պայմանագրով Թուրքիոյ տրուած խոստումները կատարուըն, Թուրքիան կը պահէ իր խօսքը։ Հակառակ պարագային գործընթացը կը դանդաղեցուի»,-ըսած է Պոզտաղը, որուն խօսքը մէջբերած է Milliyet-ը։