 
                    Արշակ Սրբազանին վերագրուող տեսանիւթի հրապարակման առնչութեամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է:
«Տարածուած տեսագրութիւնների վերաբերեալ ներկայացուած հաղորդման առթիւ նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգրքի 204-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 2-րդ կէտով (անձնական կամ ընտանեկան կեանքի գաղտնիութիւնը խախտելը` տեղեկութեան գաղտնի հաւաքման համար նախատեսուած տեխնիկական յատուկ միջոց օգտագործելով)»,- յայտնած են Քննչական կոմիտէէն:
Յիշեցնենք, որ Ընդհանուր դատախազութիւնն ընթացք տուած է «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման» կողմէ ներկայացուած յանցագործութեան մասին հաղորդման՝ Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանին վերագրուող տեսանիւթի վերաբերեալ:
Յայտնի է դարձած էր նաեւ, որ Քննչական Կոմիտէն ստացած է «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման» կողմէ ներկայացուած յանցագործութեան մասին հաղորդումը Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանին վերագրուող տեսանիւթի վերաբերեալ:
Օրերս նորայայտ թելեկրամեան ալիքի մը միջոցաւ հրապարակուած էին խիստ անձնական բնոյթի տեսանիւթեր, կից գրառմամբ՝ թէ այդտեղ Մայր Աթոռի դիւանապետն է: «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում»ը յանցագործութեան վերաբերեալ հաղորդում ուղարկած էր դատախազութիւն՝ նշելով. «Առերեւոյթ յանցագործութիւն է, սրբազանի անձնական կեանքի գաղտնիութեան կոպիտ խախտում»: