Յունիս 23-ին Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս տեղի ունեցած միջադէպի վերաբերեալ ստացուած հաղորդման առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 195-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 5-րդ կէտով (խումբ մը անձանց կողմէ ֆիզիքական ներգործութիւնը):
Տեղեկութիւնը յայտնած են Քննչական կոմիտէէն:
Յիշեցնենք՝ Երեւանի աւագանիի վերջին նիստի ժամանակ ծեծկռտուք տեղի ունեցած է ընդդիմադիր «Մայր Հայաստան» եւ միւս խմբակցութիւններու անդամներու միջեւ: Նախ եղած էր լեզուակռիւ, որ այնուհետեւ վերածուած էր քաշքշոցի ու ծեծկռտուքի: