Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի նախկին առաջին տեղակալ Տիրան Խաչատրեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է՝ խուլիկանութեան մասին յօդուածով։ Այս մասին յայտնած են Գլխաւոր դատախազութենէն։
Դատախազը 2026 թուականի յունիս 3-ին, հաստատուած մեղադրական եզրակացութեամբ, իրաւասու դատարան յանձնած է ՀՀ Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետի նախկին առաջին տեղակալ Տիրան Խաչատրեանի վերաբերեալ քրէական վարոյթը, յայտնած են Գլխաւոր դատախազութենէն՝ նշելով, որ Տիրան Խաչատրեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է Քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի 1-ին մասով (խուլիկանութիւն):