image

Արմէն Գրիգորեան Ուքրանիոյ վերաբերեալ կարեւոր ժողովի մը մասնակից

Արմէն Գրիգորեան Ուքրանիոյ վերաբերեալ կարեւոր ժողովի մը մասնակից

4 սեպտեմբերին ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան մասնակցած  է «Ուքրանիոյ խաղաղութեան բանաձեւ»-ի պարունակին մէջ պարէնային անվտանգութեան վերաբերեալ առցանց ձեւաչափով թեմատիկ համաժողովին:

Այս մասին յայտնած են ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդէն։

Համաժողովը կը հանդիսանայ «Ուքրանիոյ խաղաղութեան բանաձեւ» գագաթնաժողովի շարունակութիւնը:

Առցանց համաժողովին մասնակիցները քննարկած են պարէնային անվտանգութեան առնչուող հարցերու լայն շրջանակ: