image

Ռուբէն Ռուբինեան ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի նախագահ

Ռուբէն Ռուբինեան ընտրուեցաւ Ազգային Ժողովի նախագահ

Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան թեկնածու Ռուբէն Ռուբինեան, 3 օգոստոսին, ընտրուեցաւ 9-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ։ 

Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ փակ գաղտնի։

Ռուբինեանի ընտրութեան կողմ քուէարկած է՝ 63, դէմ` 28 պատգամաւոր։

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութիւնը չէ մասնակցած Ռուբէն Ռուբինեանին ԱԺ նախագահ ընտրելու քուէարկութեան։

ԱԺ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնը դէմ քուէարկած է Ռուբեն Ռուբինեանի թեկնածութեան։

Ռուբէն Ռուբինեան ԱԺ նախագահի թեկնածու ընտրուած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նիստին՝ յունիս 25-ին, փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով: