11 Օգոստոսի 2021-ին՝ ժամը 23:30-ին, «Արմաւիր» բժշկական կեդրոնէն հաղորդում ստացուած է այն մասին, որ աղիքային վարակի ախտորոշմամբ բուժօգնութեան դիմած են Արմաւիրի մարզի Խանճեան համայնքի 9 բնակիչներ եւ յայտարարած, որ թունաւորուած են խմելու ջուրէն:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Քննչական կոմիտէն, փաստի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի Արմաւիրի մարզային քննչական վարչութենէն ներս յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 277-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով:
Քրէական գործով էական նշանակութիւն ունեցող հանգամանքներ պարզելու նպատակով վերոյիշեալ անձանց բնակարաններէն կատարուած է խմելու ջուրի նմուշառումներ, նշանակուած են դատաբժշկական եւ դատասննդային փորձաքննութիւններ:
Կը կատարուի նախաքննութիւն: Կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ միջոցառումներ՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները բազմակողմանի եւ լրիւ հետազոտելու, թունաւորման աղբիւրը, պատճառները պարզելու ուղղութեամբ։