image

Արմաւիրի մարզպետը՝ փոխվարչապետ

Արմաւիրի մարզպետը՝ փոխվարչապետ

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով՝ Համբարձում Մաթեւոսեանը նշանակուած է փոխվարչապետ:

Հրամանագրին մէջ կ'ըսուի. «Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.

Համբարձում Մաթեւոսեանին նշանակել փոխվարչապետ»:

Յիշեցնենք, որ փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեանը նշանակուած էր պաշտպանութեան նախարար։ 

Երէկ Համբարձում Մաթեւոսեանը ազատուած էր Արմաւիրի մարզպետի պաշտօնէն: