image

Արգելափակուած երկու լիբանանցիներ վերադարձան Պէյրութ

Արգելափակուած երկու լիբանանցիներ վերադարձան Պէյրութ

Ազդակ, Պէյրութ-Լիբանանցի երիտասարդներ Ահմետ Սոպհ եւ Հիւսէյն Պարտա շաբաթ երեկոյեան վերադարձան Պէյրութ:

Անոնք մաս կը կազմէին լիբանանցի այն 9 երիտասարդներուն, որոնք արգելափակուած էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ազատ արձակուած լիբանանցիները դիմաւորուեցան իրենց ընտանիքներուն կողմէ, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմին` անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Ընտանիքները մաղթեցին, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ազատ արձակեն նաեւ մնացեալ արգելափակեալները` շեշտելով, որ իրենք կը հաւատան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն սիրոյն, ներողամտութեան եւ եղբայրութեան: