Արեւմուտքը չի ներեր Ռուսաստանին իր անկախ ընթացքին համար եւ պիտի փորձէ ճնշել զայն եւ խախտել անոր տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն ԱՄՆ-ն եւ անոր դաշնակիցները պիտի չյաջողին: Այս մասին ըսած է Վլատիմիր Փութին:
«Ամենայն անկեղծութեամբ կ'ուզեմ ըսել` այսպէս կոչուած հաւաքական Արեւմուտքի երկերեսանի խօսակցութիւններուն եւ այսօրուայ գործողութիւններուն ետեւը աշխարհաքաղաքական թշնամական նպատակներ կան, անոնց ուղղակի պէտք չէ ուժեղ եւ ինքնիշխան Ռուսաստան», ըսած է ան:
Ռուսաստանի նախագահը ընդգծած է, որ Ուքրանիոյ ապառազմականացման եւ ապաազգայնացման յատուկ գործողութիւնը պիտի իրականացուի մինչեւ վերջ:
«Եթէ ռուսական զօրքերը գործէին միայն Տոնպասի մէջ, այդ պիտի չյանգեցներ վտանգի վերացման, այնտեղ նոր առաջնագիծ պիտի անցնի», ըսած է Ռուսաստանի ղեկավարը:
Փութին նշած է, որ Արեւմուտքը Քիեւի իշխանութիւնները կը մղէ արիւնահեղութեան` մատակարարելով զէնք ու վարձկաններ:
Փութին յաւելած է, որ Քրեմլը առաջարկած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն դուրս բերել ստորաբաժանումները Տոնպասէն: «Առաջին անգամ եմ կ'ուզեմ ըսել. յատուկ գործողութեան սկիզբը, արիւնահեղութենէն խուսափելու համար, Քիեւի իշխանութիւններուն խնդրած են չմասնակցիլ ռազմական գործողութիւններուն, այլ պարզապէս դուրս բերել իրենց զօրքերը Տոնպասէն: Սա իրենց որոշումն է», ընդգծած է Փութին: