image

Արեւմուտքի հետ նախկին յարաբերութիւններուն չենք կրնար վերադառնալ. Ռեապքով

Արեւմուտքի հետ նախկին յարաբերութիւններուն չենք կրնար վերադառնալ. Ռեապքով

Արեւմուտքի պատրանքները այն մասին, որ Ռուսաստանը կարելի է ծունկի բերել, շատ ծանր պիտի աւարտին: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերկէյ Ռեապքովը:

Անոր խօսքով` Մոսկուան չի կրնար վերադառնալ Արեւմուտքի հետ նախկին յարաբերութիւններուն: Ռեապքով նշած է, որ Ռուսաստանը պատրաստ պտիի ըլլայ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման այն պայմանով, որ Ուաշինկթընը զերծ մնայ բոլոր մակարդակներու մէջ լարուածութեան հետագայ սրումէն եւ ազդեցութիւն գործէ Քիեւի վրայ: Արտաքին գործոց փոխնախարարին պնդմամբ` Ուքրանիոյ իշխանութիւնները ցանկութիւն չունին հաշուի նստելու բանակցութիւններուն մէջ Մոսկուայի ներկայացուցած պահանջներուն հետ:

«ԱՄՆ-ն պարզապէս պէտք է կանգ առնէ, չշարունակէ սրել իրավիճակը` ինչպէս բանաւոր, այնպէս ալ Քիեւի վարչակարգին զէնք մատակարարելու տեսանկիւնէն: Պէտք է դադրեցնէ սպառնալիքները Ռուսաստանի հասցէին: Եթէ անոնք կարենան ինչ-որ դրական ազդեցութիւն ունենալ Քիեւի վրայ, ինչ որ, համոզուած եմ, տեղի պիտի չունենայ, այդ ժամանակ որոշակի հեռանկար պիտի ըլլայ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար», յայտնած է Ռեապքով:

Անոր պնդմամբ` Միացեալ Նահանգները ամէն ինչ կ'ընէ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու խզման հասնելու համար:

Պաշտօնեան յաւելած է, որ Ռուսաստանը պիտի յաղթահարէ բոլոր տնտեսական դժուարութիւնները, ուստի անհանգստութեան հիմքեր չկան: