image

Արդեօք Թուրքիա «Պայրաքտար» պիտի վաճառէ Ռուսիոյ. Հալուք Պայրաքտարէն պարզաբանում CNN-ին

Արդեօք Թուրքիա «Պայրաքտար» պիտի վաճառէ Ռուսիոյ. Հալուք Պայրաքտարէն պարզաբանում CNN-ին

«Պայրաքտար» արտադրող «Baykar Makina» ընկերութիւնը չէ մատակարարած եւ մտադիր չէ իր արտադրանքը մատակարարել Ռուսիոյ Դաշնութեան, քանի որ կ'աջակցի Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան եւ անոր անկախութեան համար պայքարին։ Այս մասին յայտարարած է «Baykar Makina»-ի գործադիր տնօրէն Հալուք Պայրաքտարը՝ CNN-ին տուած մեկնաբանութեան մէջ: 

Ան ընդգծած է, որ Թուրքիան եւ Ուքրանիան ռազմավարական յարաբերութիւններ ունին, յատկապէս օդատիեզերական եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ:

«Թուրքիան կ'աջակցի Ուքրանիոյ՝ մարտական ​​անօդաչու թռչող սարքերով, մենք նաեւ անօդաչու սարքերու համար շարժիչներ կը գնենք Ուքրանիայէն: Ուքրանիոյ հետ մենք յարաբերութիւններ կառուցած ենք շահեկան սկզբունքով, որ ձեռնտու է երկու երկիրներուն»,- ըսած է Պայրաքտարը։

Ընդ որում, ան շեշտած է, որ Թուրքիան Ռուսաստանին երբեք անօդաչուներ չէ մատակարարած: