image
Հրատապ լուրեր:

Արցախը սովի եզրին է (Տեսանիւթ)

Արցախը սովի եզրին է (Տեսանիւթ)

Արդէն 7 ամիս պաշարուած Արցախի մէջ ճգնաժամը զսպելը օրէ օր աւելի բարդ կը դառնայ։ Ներքին միջոցներու հաշուոյն, կ'ըսեն արցախցները, որոշ ժամանակ կրնան դիմանալ, բայց եթէ Ատրպէյճանը շարունակէ լիակատար շրջափակման մէջ պահել Արցախն ու արգիլել մարդասիրական բեռներու փոխադրումը, կրնայ բառի բուն իմաստով սով սկսիլ։

«Միրգ չունենք, եթէ գիւղից էլ գալիս է, շատ թանկ է, ի հարկէ, գրեթէ ոչ մէկը չի կարողանում գնել։ 2000 դրամից է սկսւում խնձորը, վարունգը՝ 1500, լոլիկը՝ 2500։ Միայն տաւարի միս է վաճառւում, շատ թանկ է, թռչնամիս առհասարակ չունենք»,- NEWS.am-ի հետ զրոյցին ըսած է Ասկերանի բնակչուհի Գայեանէ Չալեանը։

«Բրինձ, հնդկաձաւար, ձէթ, շաքարաւազ վաճառքում չկան, ժամանակ առ ժամանակ տրւում են քաղաքացիներին։ Ալիւր ընդհանրապէս չի տրամադրւում»,- նշած է Ստեփանակերտի բնակչուհի Մարիեթա Շահնազարեանը։

«Արցախցիները պէտք է միաւորուին, եւ ոչ միայն աշխարհից ինչ-որ բան պահանջեն, այլ հենց մեզնից։ Ինչքան թոյլ լինենք, այնքան մեզ թշնամին շատ կը տանջի»,-ըսած է Գայեանէ Չալեանը։

«Սա պատերազմի տեսակ է, մեզ դանդաղ մահուան են տանում»,-ըսած է Մարիեթա Շահնազարեանը։

Լիակատար շրջափակման հետեւանքով դեղատուները մանկական կերեր եւ ծանր հիւանդութիւններու համար ցուցուած դեղամիջոցներ չեն ստանար։ Յղիները կենսանիւթեր չընդունելու հետեւանքով պտուղը կորսնցնելու կամ թերհաս երեխայ ունենալու լուրջ վտանգի առջեւ են։

Արցախի մէջ այս օրերուն նաեւ վառելիքի սուր պակաս կայ, որ գրեթէ կաթուածահար ըրած է փոխադրութեան աշխատանքը։ Միջքաղաքային փոխադրումները օրը մէկ կամ երկու անգամ կ'իրականացուին. շրջաններու բնակիչները շատ պարագաներու չեն կրնար քաղաքներ հասնիլ։