image

Արցախի մէջ հրադադարի խախտումներ չկան

Արցախի մէջ հրադադարի խախտումներ չկան

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը, կը տեղեկանանք Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկագրէն։ 

«Երեսուն դիտակէտերու մէջ ռուս խաղաղապահները շուրջօրեայ կը վերահսկեն իրավիճակը եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանումը։

Վերջին մէկ օրուան ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հրադադարի ռեժիմի խախտումներ չեն արձանագրուած։

Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութիւնն ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով շարունակական փոխգործակցութիւն կը պահապնուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապներուն հետ: