image

Հրադադարի համաձայնութենէն ժամեր անց Իսրայէլ հարուածած է Լիբանանը

Հրադադարի համաձայնութենէն ժամեր անց Իսրայէլ հարուածած է Լիբանանը

Հրադադարի մասին համաձայնութենէն ժամեր անց, իսրայէլեան հարուածի հետեւանքով Լիբանանի մէջ 10-էն աւելի մարդ զոհուած է, կը հաղորդէ Reuters-ը։

Իսրայէլի պնդմամբ՝ այս գործողութիւնը պատասխան էր իրանամէտ «Հըզպալլա» կազմակերպութեան, որ, ըստ իսրայէլեան կողմի, «50-է աւելի արկ արձակած է Լիբանանի հարաւին մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժերու ուղղութեամբ»։ Արեւմուտքի կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցուած խմբաւորումը չէ ստանձնած հարուածներուն պատասխանատուութիւնը։

Իսրայէլն ու «Հըզպալլա»-ն Յունիս 19-ին հաստատած էին հրադադար։ Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի բանակցողները համաձայնագիրը մշակուած էին Իրանի օգնութեամբ։