image

Արցախի դրօշը՝ կրկին Ամարասի վանքին վրայ

Արցախի դրօշը՝ կրկին Ամարասի վանքին վրայ

Ամարասի վանքին վրայ կրկին կը ծածանի Արցախի Հանրապետութեան պետական դրօշը։ Այս մասին ըսաւ Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Մետաքսէ Յակոբեանը։

«Դրօշը հանելը շատ անբնական երեւոյթ էր։ Ուղղակի Ատրպէյճանն էր նման պահանջ առաջադրել, ռուսական կողմն էլ փոխանցել էր, որ լաւ կը լինի հանէք կամ Հայաստանի դրօշը դնէք։ Դրանից յետոյ Արցախի իշխանութիւնները կատարել էին Ատրպէյճանի պահանջը», նշեց Յակոբեան։

Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ ատրպէյճանցիները GPS-ով հասած էին Ամարասի վանքին մօտ եւ իրենց դրօշները դրած. ռուս խաղաղապահները անոնց շատ կոշտ կերպով ետ ուղարկած էին ելման դիրքեր։