image

Զմմառու մայրավանքին 255-ամեակը՝ «Ոգեղէն աւանդի վկայութիւն»

Զմմառու մայրավանքին 255-ամեակը՝ «Ոգեղէն աւանդի վկայութիւն»

Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան մայրավանքի կամարներուն ներքեւ, հոգեւոր եւ մշակութային վերածնունդի խորհրդանշական մթնոլորտի մէջ, 12 օգոստոս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ կառուցման 255-ամեայ յոբելեանը` «Ոգեղէն աւանդի վկայութիւն»-ը թեմայով հարուստ ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումով:

Բարձր հովանաւորութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքի, պատուոյ ներկայութեամբ` Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Լորա Լահուտ-Խազենի, պետական գործիչներու, հայ համայնքներու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, ազգային, կուսակցական, միութենական, հնագիտական կեդրոններու մասնագէտներու, լրատուամիջոցներու, վարժարաններու տնօրէններու, բարձրաստիճան եւ ընտրանի հրաւիրեալներու:

Հայկական աւանդութեան համաձայն, երկու պարմանուհիներ հայկական ասեղնագործ տարազներով զգեստաւորուած` աղ ու հացով հիւրընկալեցին պաշտօնական անձնաւորութիւնները, ապա սկիզբ առաւ օրուան հանդիսութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Հարպոյեան, որ անդրադարձաւ ցուցահանդէսի կարեւորութեան` դիտել տալով, որ 1771-էն ի վեր կանգնած մայրավանքի մայր եկեղեցին` որպէս հաւատքի տապան, կը շարունակէ իր կամարներուն տակ պահպանել հայոց հոգեւոր աւանդն ու Զմմառեան միաբան հայրերուն առաքելութիւնները, զորս կը շարունակեն հոսիլ աշխարհի ամբողջ տարածքին, հոն, ուր կը կանչուին, որպէսզի «այլ ոմն Քրիստոս» անոնք քարոզեն եւ սերունդներ կերտեն:

Ապա Զմմառու փոխմեծաւոր, թանգարանապետ եւ գրադարանապետ Նարեկ վրդ. Լուիսեան իր սրտի խօսքը արտասանեց` ընդգծելով 1749-ին կառուցուած առաջին մայրավանքին եւ 1771-ին օծուած անոր մայր եկեղեցւոյ առանցքային դերը հայ հոգեւոր-մշակոյթային ժառանգութեան փրկութեան մէջ». ան աւելցուց. «Տեսէ՛ք ժայռին վրայ վիմացած ամրակուռ Զմմառու հնադարեան եկեղեցին` մասիսանման զոյգ գմբէթներով, որոնք կը խօսին հայ դարերէն, հայ ոգիի ու մտքի ճգնութենէն…»: Եզրափակեց իր խօսքը` ըսելով. «Վանքի քարերուն վրայ տասնհինգ Զմմառու նահատակ միաբաններու բացուած վէրքեր կան, ինչպէս` Յիսուսի խաչափայտին վրայ մխուած բեւեռներ»: Ան հրաւիրեց ներկաները ունկնդրելու «հոգիացեալ քարերու» լուռ, բայց վեհացնող ձայնը, որ պիտի մնայ լուսաւոր ջահ ու անսասան ուխտավայր:

Արաբերէնով խօսք առաւ հնագէտ Մարի Ապի Լամա, որ անդրադարձաւ ցուցահանդէսի կարեւորութեան ու իմաստին` բացատրելով կատարուած ընտրութիւնները, Տիրամօր նուիրուած կտաւներ` սկիհ, խոյրեր, Ս. Աւետարաններու կողքեր, նկարազարդուած հնատիպ գիրքեր եւ ձեռագիրներ, ապա նաեւ ժամանակաշրջանը` 17-րդ եւ 18-րդ դարեր: Կային նաեւ ժամանակակից քանի մը նշանաւոր նկարիչներու գործեր, ինչպէս` Մուսթաֆա Ֆարրուքի եւ հայազգի Զոհրապի, Աստուածամօր նուիրուած գործեր:

Մայրավանքի մեծաւոր եւ պատրիարքական փոխանորդ Զմմառու միաբանութեան  Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան յղեց օրուան պատգամը: Ան անդրադարձաւ Մարիամ Աստուածածնի յատուկ դերակատարութեան հայ իրականութեան մէջ: Յատկապէս ան կեդրոնացաւ Աստուածամօր մայրական հովանիին` միաբանութեան ողջ պատմութեան ընթացքին: Ան յատուկ շեշտեց Լիբանանի Խազեն ընտանիքին ունեցած դերակատարութիւնը` անոնց ունեցած պատմական նպաստին Զմմառու մայրավանքի հիմնադրութեան ժամանակաշրջանին: Մեծաւոր հայրը անդրադարձաւ ցուցահանդէսի կարեւորագոյն իմաստին եւ նպատակներուն` մեծարել Տիրամայրը, փառաբանել մայր եկեղեցւոյ կառուցումին 255-ամեակն ու փոխանցել հարուստ ժառանգութիւնը նորանոր սերունդներուն:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը իր հայրական պատգամին մէջ մաղթեց, որ Զմմառու մայրավանքը մնայ` աղօթքի տուն, յիշողութեան պահակ, մշակոյթի փարոս, հոգեւոր եւ մշակութային զբօսաշրջութեան կեդրոն եւ անցեալը ներկային կապող կամուրջ: Ան սոյն ցուցահանդէսը որակեց որպէս ոչ անցեալին պատկանող թանգարան մը, այլ` յիշողութիւն մը, զոր կը կենդանացնենք, կտակ, զոր կը յանձնենք նոր սերունդներուն, եւ նոր պատուհան մը, որ կը նայի դէպի ապագայ: Հոգեւոր տէրը եզրափակեց իր խօսքը սրտագին մաղթանքով. «Թող որ Զմմառու Տիրամայրը մնայ պահապան այս տան, մեր Եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդին, Լիբանան հայրենիքին եւ անոր բոլոր բնակիչներուն»:

Ապա հոգեւոր տէրը եւ նախարար Լորա Լահուտ-Խազենը միասնաբար հատեցին ժապաւէնը: Հուսկ, բոլոր ներկաները մուտք գործեցին «Մեսրոպ Ճուրեան» սրահ, ուր յատուկ խնամքով եւ բարձր ճաշակով ներկայացուած էին մայրավանքի թանգարանէն յատուկ իրեր: Անոնց ընկերակցեցան մեծաւոր հայրն ու Նարեկ վարդապետը, որոնք բացատրեցին ներկայացուած իրերու եւ կտաւներու իմաստներն ու արժէքը:

Հանդիսութեան ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Րաֆֆի Չիլինկիրեանը` տուտուկով, իսկ Ճոնի Կէօքճեանը` մեներգներով: