Հակափտածութեան դատարանի որոշմամբ, Գլխաւոր դատախազութեան միջնորդութեան հիման վրայ, «Արարատցեմենտ»-ը յանձնուած է ՀՀ կառավարման՝ ի դէմս տնտեսութեան նախարարութեան։ Այս մասին գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը։
«Յուլիս ամսուայ ընթացքում, սահմանուած կարգով, կը նշանակուի «Արարատցեմենտի» կառավարիչը։
Մինչ այդ ընկերութեան բոլոր աշխատակիցներին յորդորում եմ բարեխղճօրէն եւ պատասխանատւութեամբ կատարել իրենց աշխատանքը, որպէսզի հետագայում չառաջանան օրէնքով սահմանուած կարգով աշխատանքից ազատման կամ վարչական ու քրէական պատասխանատւութեան ենթարկման հիմքեր։
Իրենց գործի գիտակ, աշխատանքը բարեխիղճ ու պարտաճանաչ կատարող բոլոր աշխատակիցները կը շարունակեն աշխատել»,-գրած է ան։