Ապու Տապիի մէջ աւարտած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։
Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հանդիպումը մեկնարկած էր յուլիս 10-ին՝ առաւօտեան ժամը 09։10-ին։
Հանդիպումը պահ մը ընդմիջուած էր, այնուհետեւ շարունակուած։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ հանդիպումը տեւած է մօտ 5 ժամ: Հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը բանակցած են 2 անգամ ընդլայնուած կազմով, 2 անգամ Փաշինաեն-Ալիեւ դէմ առ դէմ ձեւաչափով:
Հայկական կողմէն հանդիպման կը մասնակցէին նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, փոխվարչապետ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանը եւ Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը։
Ատրպէյճանական կողմէն հանդիպման ներկայ էին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, փոխվարչապետ Ատրպէյճան-Հայաստան սահմանազատման յանձնաժողովի նախագահ Շահին Մուսթաֆաեւը, Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւը, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովը։