Այս շրջագիծին մէջ Արամ Ա.ի ձայնը առանձնայատուկ կշիռ ունի։ Ան ոչ միայն հայկական համայնքի հոգեւոր առաջնորդն է, այլ նաեւ Լիբանանի քրիստոնէական ներկայութեան կարեւոր ներկայացուցիչ մը։ Իր շեշտադրումները՝ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ ներքին համախոհութեան շուրջ, կը ներդաշնակուին Սէուտական Արաբիոյ փորձերուն հետ՝ ներկայանալ որպէս ոչ միայն սիւննիական աշխարհին առաջնորդ, այլ նաեւ բազմակողմանի հաւասարակշռող ուժ մը, որ կրնայ կամուրջներ ստեղծել տարբեր համայնքներու եւ բեւեռներու միջեւ։
Սագօ Արեանն Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, օրերս՝ Անթիլիասի իր նստավայրին մէջ ընդունած էր այցելութիւնը՝ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան՝ Ուալիտ Պուխարիին։
Այցելութիւնը սովորական-փրոթոգոլային այցէ մը աւելին է, մանաւանդ այս փուլին, երբ Լիբանան կ՚անցնի իր արդի պատմութեան ամէնադժուարին ժամանակներէն։
Սակայն այսօր նկատելի է նոր մօտեցում մը, ուր Ռիատ կը փորձէ վերագտնել իր տեղը ոչ թէ ուղիղ առճակատումով, այլ աւելի ճկուն, դիւանագիտական եւ միջնորդական գործիքներով։ Այս փոփոխութիւնը ինքնին կը յուշէ, որ Սէուտական Արաբիան կը գիտակցի եւ հաշուի կ՚առնէ Լիբանանի բարդ իրականութեան՝ համայնքային բազմազանութեան եւ արտաքին ազդեցութիւններու խաչմերուկ ըլլալու հանգամանքը։
Հանդիպման ընթացքին շեշտուած Լիբանանի ներքին միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը կը համընկնի Սէուտական Արաբիոյ ներկայ ռազմավարութեան հետ։ Ռիատ կը փորձէ խթանել այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր պետական կառոյցները կը վերականգնեն իրենց առաջնային դերը՝ սահմանափակելով ոչ պետական զինեալ ուժերու ազդեցութիւնը։ Այս մօտեցումը ուղղակի հակադրութիւն չէ միայն Իրանի դերակատարութեան, այլ աւելի լայն փորձ մըն է՝ Լիբանանը վերադարձնելու իբրեւ գործուն պետութիւն, այլ ոչ թէ մրցակից ազդեցութիւններու դաշտ։
Հարկ կը համարեմ նշել, որ յատկապէս վերջին տարիներուն Սէուտական Արաբիան զգալի նահանջ ապրած էր Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմէն, մանաւանդ այն ժամանակաշրջանին, երբ Իրանի ազդեցութիւնը աւելի շեշտաւորուած դարձած էր՝ «Հըզպալլա»ի միջոցաւ։ Սակայն այսօր նկատելի է նոր մօտեցում մը, ուր Ռիատ կը փորձէ վերագտնել իր տեղը ոչ թէ ուղիղ առճակատումով, այլ աւելի ճկուն, դիւանագիտական եւ միջնորդական գործիքներով։ Այս փոփոխութիւնը ինքնին կը յուշէ, որ Սէուտական Արաբիան կը գիտակցի Լիբանանի բարդ իրականութեան՝ համայնքային բազմազանութեան եւ արտաքին ազդեցութիւններու խաչմերուկ ըլլալու հանգամանքին։
Հանդիպման ընթացքին շեշտուած Լիբանանի ներքին միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը կը համընկնի Սէուտական Արաբիոյ ներկայ ռազմավարութեան հետ։ Ռիատ կը փորձէ խթանել այնպիսի մթնոլորտ մը, ուր պետական կառոյցները կը վերականգնեն իրենց առաջնային դերը՝ սահմանափակելով ոչ պետական զինեալ ուժերու ազդեցութիւնը։ Այս մօտեցումը ուղղակի հակադրութիւն չէ միայն Իրանի դերակատարութեան, այլ աւելի լայն փորձ մըն է՝ Լիբանանը վերադարձնելու իբրեւ գործուն պետութիւն, այլ ոչ թէ մրցակից ազդեցութիւններու դաշտ։
Այս շրջագիծին մէջ Արամ Ա.ի ձայնը առանձնայատուկ կշիռ ունի։ Ան ոչ միայն հայկական համայնքի հոգեւոր առաջնորդն է, այլ նաեւ Լիբանանի քրիստոնէական ներկայութեան կարեւոր ներկայացուցիչ մը։ Իր շեշտադրումները՝ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ ներքին համախոհութեան շուրջ, կը ներդաշնակուին Սէուտական Արաբիոյ փորձերուն հետ՝ ներկայանալ որպէս ոչ միայն սիւննիական աշխարհին առաջնորդ, այլ նաեւ բազմակողմանի հաւասարակշռող ուժ մը, որ կրնայ կամուրջներ ստեղծել տարբեր համայնքներու եւ բեւեռներու միջեւ։
Միեւնոյն ժամանակ, հանդիպման մէջ արծարծուած տարածաշրջանային հարցերը կը ցոյց տան, որ Լիբանանի հարցը մեկուսացած չէ։ Իսրայէլի հետ շարունակուող լարուածութիւնը, Իրանի շուրջ զարգացումները, եւ Թուրքիաի ընդլայնուող ներգործութիւնը բոլորը միասին կը կազմեն այն մեծ պատկերը, ուր Սէուտական Արաբիան կը փորձէ իր դիրքը վերաձեւակերպել։ Ան կը ձգտի ներկայանալ որպէս կայունացնող դերակատար մը, որուն նպատակը ոչ միայն մրցակցիլն է, այլ նաեւ կարգաւորել եւ մեղմացնել հակադրութիւնները։
Վերջապէս, այս հանդիպումը կը մատնանշէ կարեւոր իրողութիւն մը․ Սէուտական Արաբիան կը վերադառնայ Լիբանան՝ սակայն նոր լեզուով եւ նոր միջոցներով։ Բայց որքան ալ արտաքին դերակատարները կարեւոր ըլլան, Լիբանանի ճակատագիրը վերջ ի վերջոյ պիտի որոշուի ներքին համաձայնութեան եւ պետական կառոյցներու վերակազմաւորման կարողութեամբ։ Սէուտական Արաբիան կրնայ նպաստել այդ գործընթացին, սակայն չի կրնար փոխարինել զայն։