Քրիստոնէական աշխարհը դարձեալ ականատես պիտի ըլլայ պատմական նշանակութիւն ունեցող հանդիպումի մը, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա., պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Լեւոն ԺԴ.-ին։ Այց մը, որ միայն արարողակարգային բնոյթ չունի, այլ նաեւ կը խորհրդանշէ երկու եկեղեցիներուն միջեւ շարունակուող երկխօսութիւնը, փոխադարձ յարգանքն ու համատեղ մտահոգութիւնը՝ Միջին Արեւելքի եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական աշխարհի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։
Ստորեւ «Արեւելք»ի հետեւորդներուն կը ներկայացնենք Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան տալիք այցելութեան հիմնական մանրամասնութիւնները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Արամ Ա., Երկուշաբթի՝ 18 Մայիս 2026-ին, պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Լեւոն ԺԴ.-ին։ Այս հանդիպումը պիտի հանդիսանայ Վեհափառ Հայրապետին առաջին պաշտօնական այցելութիւնը նոր գահակալ Պապին։
Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, երկու հոգեւոր առաջնորդներուն միջեւ նախատեսուած է առանձնազրոյց, որմէ ետք պիտի կատարուի աղօթքի արարողութիւն մը Առաքելական Պալատի Ուրբանոս Ը. մատրան մէջ։
Այցելութեան ծիրին մէջ Արամ Ա. Վեհափառը պիտի հանդիպի նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Քահանայապետական Վարչութեան պատասխանատուներուն եւ Հռոմէական Քուրիա-ի այլ գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն։
Իսկ 19 Մայիսին, Քահանայապետական Արեւելեան Հիմնարկ-ի մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ՝ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ տարածաշրջանի քրիստոնէական ներկայութեան ապագային։
Յատկանշական է, որ թէեւ այս առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է Լեւոն ԺԴ. Պապին, Արամ Ա. Վեհափառը տարիներու ընթացքին բազմիցս այցելած է Վատիկան եւ հանդիպումներ ունեցած տարբեր Քահանայապետերու հետ՝ ներառեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ., Պենետիկտոս ԺԶ. եւ Ֆրանչիսկոս։
Այս շարունակական հանդիպումները կը վկայեն Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ գոյացած փոխադարձ յարգանքի, գործակցութեան եւ համամիութենական երկխօսութեան ամուր կամքին մասին։
Օգտուած ենք «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւնէն։