Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն թրքական TV100-ի ուղիղ եթերին պատասխանելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերող հարցերուն՝ ԱՄՆ-ն եւ Ռուսիան մեղադրած է այդ պայքարին մէջ անկեղծ չըլլալու մէջ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, յայտնած է թրքական milliyet.com.tr-ն:
«PKK-ն (Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն, որ պաշտօնական Անգարայի կողմէ ահաբեկչական հռչակուած է) եւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կը շարունակեն իրենց սադրանքները: Մենք միշտ կ'ըսենք, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները սպառնալիք են ե՛ւ Իրաքի, ե՛ւ մեզի համար: Իրաքի կառավարութիւնը չի կրնար յաջողութեամբ պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ: Եթէ տեղական ռեժիմը չկարողանայ պայքարիլ ահաբեկիչներու դէմ, մենք կ'ընենք»,- ըսած է ան։
Չաւուշօղլուն ընդգծած է, որ Ռուսիա ու ԱՄՆ-ը պէտք է տէր կանգնին Սուրիոյ հետ կապուած իրենց խօսքին: Անոնք պէտք է ահաբեկիչները դուրս բերէին տարածքէն, սակայն չեն ըրած:
Ան ըսած է, որ ԱՄՆ-ը դեռ կը շարունակէ սպառազինութեամբ աջակցիլ ահաբեկիչներուն եւ պէտք է բացատրութիւն տայ այս կապակցութեամբ:
«PKK եւ YPG-ն (պաշտօնական անգարան կը համարէ PKK-ի սուրիական թեւը) կ'օգտագործեն երկուքդ ալ (նկատի ունի ՌԴ-ն եւ ԱՄՆ-ն.-խմբ)»,-ըսած է ան:
«Մենք տեսանք, թէ ինչպէս անոնք կը պայքարին Իսլամական պետութեան դէմ: Մենք գիտենք, թէ ինչպէս անոնց օդանաւով հասցուցած են Աֆղանստան։ Սա անկեղծ չըլլալու նշան է։ Ահաբեկիչը ահաբեկիչ է: PYD-ի եւ PKK-ի միջեւ տարբերութիւն չկայ: ԱՄՆ-ը այս մէկը բոլորէն լաւ գիտէ։ Անոնց ըրածն անընդունելի է»,-շարունակելով մեղադրել ԱՄՆ-ն՝ եզրափակած է ան: