- Մապրո՜ւք մապրո՜ւք. Կ՚երթա՛ս կ՚ազատի՛ս:
- Երա՜նի քեզի. գնա՛ հոգիդ փրկէ՛:
- Ձեռքդ անցեր է երթալը եւ նազ կ՚ընես..:
- Եղե՜ր, Լիբանանէն չի կրնար բաժնուիլ... իրաւ որ խնդալիք ես..:
Լիբանանը իմ ծննդավայրս է, ինքնութիւնս իրմով դրոշմուած է: Կը զգամ, թէ ես իրմէ անբաժան մասնիկ մըն եմ: Ուր ալ ըլլամ, կապս իրեն հետ անքակտելի է, իսկ սէրս առանց պայմանի: Եթէ այսօր Լիբանան վիրաւոր ու հիւանդ է, ինքզինքս աւելիով համակուած կը զգամ իր ցաւով ու կարեկիցի դերով: Շատ կը ցաւիմ, երբ Լիբանանին մասին նուաստացնող խօսքեր կ՚ըսեն. «Զզուելի երկիր է, ուր ալ երթաս հոսկէ աւելի լաւ է: Այս երկիրը անյոյս պարագայ է...»:
Այո՛, Լիբանան ներկայիս անձուկ պայմաններ կը դիմագրաւէ եւ տագնապալից օրեր կ՚ապրի, բայց չենք կրնար անտեսել դարաւոր մշակոյթ, պատմութիւն, մտաւորականութիւն եւ ուրոյն դիմագիծ ունեցող Լիբանանը: Այսօր, աշխարհով սփռուած իր զաւակները, իրենց ուսման բարձր մակարդակով, առնուազն քանի մը լեզուներու տիրապետող, ընկերային ու հաղորդակից խառնուածքով, յիշատակելի եւ ուշագրաւ յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն:
Երկիր մը, որուն հրաշք բնութիւնը, բարեխառն կլիման, ջերմ ու հիւրընկալ բնակիչները եւ կենսուրախ երիտասարդութիւնը՝ անվիճելի իրականութիւններ են:
Հեռացողները չեմ մեղադրեր, ոչ ալ կը քաջալերեմ: Տիրող իրավիճակը չեմ շաքարապատեր, ոչ ալ գունաւոր ծիածաններ կը գծեմ: Կը հաւատամ, որ ամէն մէկ անհատ դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ տոկալու իր յատուկ տարողութիւնը ունի, իսկ ներկայիս Լիբանանին պարտադրուած դժուարութիւնները շալկելը՝ գերբնական համբերութիւն, տոկունութիւն եւ նիւթական հնարաւորութիւն կը պահանջեն: Չեմ ալ կրնար վստահեցնել, թէ Լիբանանէն մեկնողը, օտար հողի վրայ պիտի գտնէ՞ իր փնտռած «կատարեալ» երկիրը: Կրնա՛յ ապրուստ եւ երդիք գտնել, բայց երբե՛ք Լիբանանը փոխարինողը..:
Անձնական փորձառութիւնս կարելի չէ ընդհանրացնել, բայց կ՚ուզեմ կիսել: Բազմաթիւ երկիրներ այցելած եմ, սակայն տիրող շքեղութիւնը եւ հմայքը երբեք չեն լիացուցած հոգիս: Քանի մը օրուան կեցութենէ ետք, անհանգիստ կարօտով մը ուզած եմ Լիբանան՝ տունս, վերադառնալ:
Եթէ կը մեկնիմ, պարզապէս աղջկաս եւ իր ընտանիքին միանալու նպատակով է, այլապէս սիրտս հո՛ս է, լիբանանի մէ՛ջ է, Լիբանանի հե՛տ է:
Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան