image
Հրատապ լուրեր:

Անկախութի՛ւն, որ արդարացուց թէ՞ չարդարացուց մեր երազանքները

Անկախութի՛ւն, որ արդարացուց թէ՞ չարդարացուց մեր երազանքները

Իրաւունք կայ թէ՞ չկայ, մտածելու, այլեւ՝ հաւատալու, որ Գ. Հանրապետութեան անկախութիւնը այնքան ալ «կենդանութիւն» չշնորհեց հայութեան:

Իրաւունք կայ թէ՞ ոչ, մտահոգուելու ու տագնապելու այս անկախութեան ճակատագիրով եւ անոր ներկայով եւ ապագայով:

Իրաւունք կայ թէ՞ ոչ, հարցադրելու ու բարձրաձայնելու, թէ այս անկախութիւնը բարիք եղաւ թէ՞… չարիք հայութեան:

Իրաւունք ունի՞նք թէ ոչ, խորհրդածելու ու մտորելու, թէ անկախութիւնը ինչո՞ւ շահագործուեցաւ ու մթագնեցաւ:

Իրաւունք ունի՞նք թէ ոչ, անկախութեան վրայ գուրգուրալու ու պաշտպանելու, ի՛նչ ալ ըլլան պայմաններն ու պարագաները:

Իրաւունք ունի՞նք թէ ոչ, անկախութիւնը «պղծող» բոլոր կողմերը ոչ միայն դատապարտելու, այլեւ՝ զանոնք ղրկելու… դժոխքի յաւիտենական մառանները:

- Վերջապէս, ե՞րբ իրաւունք պիտի ունենայ հայ ժողովուրդը սթափելու ու զգաստանալու, թէ անկախութիւն պահելը, խնամելը եւ յաւերժացնելը, ո՛չ խաղալիք է, ո՛չ ժամանց, ո՛չ ալ… շուրջպար:

***

Այս արագ թուումները կատարեցի, ի լուր Հայաստան աշխարհի մէջ տեղի ունեցած, ոչ միայն յարատեւ, այլ՝ մնայուն, բռնկող անցուդարձերուն, պայթիւնավտանգ մագլցումներուն, իրերայաջորդ անապահովութիւններուն, շարունակուող անկայունութիւններուն, բիրտ բռնութիւններուն, անզսպելի ապիկարութիւններուն, մէկ խօսքով, անկախութինը արատաւորող, վարկաբեկող, ստուերող ու թուլացնող արարքներուն:

33 տարուան անկախութեան օրերուն, ո՞վ կրնայ ըսել կամ կը համարձակի յայտարարել, որ անկախութիւնը ի՞նչ տուաւ իր հայրենիքին ու ժողովուրդին, բացի,

- Զրկանքներէ

- Բռնութիւններէ

- Շահագործումներէ

- Խորհրդաւոր ոճրարարքներէ

- Վրէժխնդրութիւններէ

- Ատելութիւններէ

- Հակառակորդութիւններէ

- Թշուառութիւններէ

- Ճնշուածութիւններէ

- Հայաթափութիւններէ

Եթէ պիտի խօսուի կամ արդարացուի, որ, ի դէմս այդ «չարագործ»ութիւններւն, հայրենի յատենի իշխանութիւնները, շատ բաներով (՞) կատարած են բարեկարգումներ, փոփոխութիւններ, նորագրութիւններ, ստեղծագործութիւններ, շինարարութիւններ, եւայլն, մի՛ հաւատաք, իսկ եթէ պիտի հաւատաք, անոնք ՈՉԻՆՉ են այն շնորհապարտութիւններուն, կառուցապաշտութեան ու գեղեցկապաշտութեան, որոնք իրագործուած էին մինչ Գ. Անկախութեան ժամանակաշրջանը:

Հիւսիսային պողոտայ մը սարքելով (ան ալ բազմահարիւր հայաստանցիներու տուները քանդելով, վտարանդի դարձնելու գնով), տակաւին չի նշանակեր, որ Հայաստանը անորմով կը պարգեւատրուի կամ կը շեփորուի ու կը տեղադրուի բարձրագոյն դարակի մը վրայ:

Ի միջի այլոց, սփիւռքահայեր, որոնք Հայաստան կ’այցելեն, մեծամասնութեամբ, կը գովերգեն միայն այդ զրնգուն պողոտան (նաեւ՝ կարգ մը նմանատիպ «գրաւիչ» շրջաններ), մոռնալով որ Հայաստանը միայն այդ գօտիները չեն, այլ՝ գլխաւորաբար իր գիւղերը, գաւառները, աւանները, որոնք, առնուազն թողլքուած են, անտեսուած, լուսանցքուած, այնպէս որ՝ այդպէս մտածող ու բարբառող արտերկրի հայերը, լաւ կ’ըլլայ որ Հայաստանը տեսնեն իր բովանդակ պատկերներով, առանց միայն «քեֆ»ական տրամադրութեամբ, այլ՝ առողջ գիտակցութեամբ եւ իրատեսութեամբ:

Այս պարագան կարեւորութեամբ կը շեշտենք, որպէսզի սփիւռքահայը, որքան ալ ինքզինք նկատէ հայրենասէր, հայրենապաշտ ու հայրենամէտ, պէտք է Հայաստանը դիտէ իր ամբողջութեան մէջ եւ ոչ թէ զայն պատկերացնէ կամ ներկայացնէ որպէս կոտորակուած կամ բաժնուած հողակտորներ:

Վերադառնալով անկախութիւն հասկացողութեան եւ անոր վրայ հիմնուած իրականութեան, այո՛, ինչպէս շեշտած էինք վերը, ո՞վ գոհ է այն անկախութենէն, որ այսօր մեր առջեւն է, ո՞վ անհանգիստ չէ այն տխուր զարգացումներէն, որոնք անցնող երեսնամեակին պարզուեցան մեր աչքին առջեւ:

Ատոնք կու տա՞ն հպարտութեան եւ ինքնագոհութեան զգացումներ, կրնա՞ն երաշխիքներ տալ դէպի աւելի լաւ եւ յուսատու ապագաներ:

Չէ՞ որ Հայաստանը կրծող ու խայթող կողմերը միայն արտաքին «իժ»երը չեն, այլ նաեւ, նոյնքան գիշատիչ ներքին խլուրդները, որոնք, ահա, 1991էն ի վեր Հայաստանը լլկեցին, բզքտեցին, ստրկացուցին, քամեցին, խեղդեցին ու նուաստացուցին անոր բնակչութիւնը, ՉՈՐՍԷՆ ՀԻՆԳ միլիոննոց Հայաստանը վերածեցին ԱՓ մը հաւաքականութեան, ամէն օր, ամէն առիթով եւ ամէն պատրուակով, հայաստանցին ղրկելով «կրողի ծոց»ը, առանց խպնելու ու կարմրելու, յետոյ անամօթաբար յոխորտալով, որ իրենք պետական աւագանի են, կառավարիչ, Հայաստանը «փրկող ու ղեկավարող» (՞) եւ անոր ծառայող առաքելութեամբ, մինչդեռ, մեծ մասը փտած ու նեխած հաւաքականութիւն մըն է:

***

Այս բոլորէն մեկնելով ու Հայաստանի անկախութեան լոյսին տակ, երբ կը խորաչափենք կամ (կը փորձենք) մեկնաբանել անոր կարճատեւ կեանքը «ՄԵԾ ԵՐԱԶ»ի ճամբուն վրայ, քիչ բան կը գտնենք խանդավառող եւ ոգեւորող, որովհետեւ, այն դէպքերը, շարժումները, ցնցումներն ու բախումները, որոնք արձանագրուեցան հայրենիքէն ներս, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, ուղղակի մեզ կը շանթահարեն, իրենց ամբողջական էութեամբ:

Դարձեալ կը կրկնենք. այն բոլոր աղէտները, որոնց ենթարկուեցաւ Հայաստանը, միայն թշնամիին ձեռքով չէր, այլ նաեւ եւ գերազանցապէս, ներքին, յայտնի թէ անյայտ պարագլուխներով եւ անգլուխներով, որոնք ո՛չ երէկ, ոչ այսօր (թերեւս ալ՝ ոչ վաղը) արժանացան համապատասխան դաժան ու խստագոյն վերաբերմունքներու:

Այսինքն, պարզ խօսինք.

Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ անկախութիւնը պղտորող «սեւացրէք»եան «խաւարի ասպետ»ները, այսօր, տակաւին հոս ու հոն կը թափառին (նաեւ՝ իրենց ներքին թէ արտասահմանեան դղեակներուն մէջ), յետոյ ալ, ցարդ ո՛չ մէկ միջոցառում կամ վճիռ կ’արձակուի անոնց նման վայնասուններու դէմ:

Վերջին պահուն կ’իմանանք, որ տխրահռչակ Սերժ Սարգսեանը իր «ահաւոր մեղքերէն արդարացուած է»:

Ի՞նչ տրամաբանութեամբ եւ արդարամտութեամբ, երբ ան լեռնակուտակ ու բազմատեսակ յանցանքներով կը փայլի:

«Տարոս»ը միւս բոլոր երկիրը ու ժողովուրդը լլկող ցեցերուն:

Կ’եցցեն նաեւ դրածոյ… դատախազները:

***

Անկասկած, անկախութիւնը գերագոյն եւ անփոխարինելի ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ է, որ մեր ժողովուրդին համար փառք ու պատիւ է, որուն ձգտած են մեր նախնիները, անհամբերութեամբ ու սրտատրոփ, իսկ նորագոյն ժամանակակիցները նոյնքան արտորանքով սպասած են վայելելու զայն.

Սակայն, նոր անկախութեան պատմութիւնը ի՞նչ կը յուշէ եւ ինչպէ՞ս կը լիացնէ մեր մարմաջն ու կապուածութիւնը այդ անբիծ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ հետ:

Առանց խորանալու ու տարածուելու, պիտի յիշեմ այն ողբերգական եղելութիւնները, որոնք տեղի ունեցան անկախութեան ընթացքին եւ այդ տարիներուն.

- 1 Մարտի 17 ցուցարարներու սպանութիւնը:

- 27 Հոկտեմբեր 1999ին, Ազգային Ժողովին վրայ կատարուած ահաբեկչութիւնը եւ ՈՒԹԸ, առաջին կարգի ղեկավարներու սպանդը:

- Խորհրդաւոր ոճիրներու ամբողջ  շարան մը:

- Արցախեան 44օրեայ «դիւրաբեկ» պատերազմը (2020):

- Արցախի պարպում եւ յանձնումը (2023):

Լա՛ւ, ոեւէ հայու, արժանապատիւ հայրենասէրի համար, երեսուն տարուան ընթացքին, ընդունելի՞ է նման արդիւնքներով ու գոյավիճակներով, հայրենիք պահել ու պահպանել, երբ, աւելի քան յստակ ու թափանցիկ է, որ ձախաւեր կողմնորոշումները եւ արեւելումները, դաւադրութիւնն ու դաւաճանութիւնն էին, որոնք կ’առաջնորդէին նման ազգակործանութեան:

Այսօրուան մեր հայրենիքը, որուն շունչով, ոգիով ու սիրով աճած ու դաստիարակուած ենք, ապրած ու գոյատեւած, ինչպէ՞ս կարելի է համակերպիլ ու համատեղուիլ այն ահաւորութիւններուն եւ ահաբեկչութիւններուն հետ, որոնք տեղի ունեցան ու կ’ունենան, համարեա ամենօրեայ դրութեամբ:

Դո՛ւք, անընդդիմադիր-դիմադիրներ, ձեր խաղքութիւնները մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակէք եւ մինչեւ ո՞ւր պիտի տանիք այս հայրենիքը:

Եթէ տիրող իշխանութիւնն է ձեր նպատակակէտը (այդ ալ կասկածելի է), ապա, դիմեցէք ժողովրդավարական ընտրանքին՝ նոր ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ:

Հո՛ն, ուր ձախողած էք (նորութի՞ւն է), ապա, պէտք չունիք (անիմաստ է), այլեւս թաքնուիլ ասոր կամ անոր ետին, իբր թէ «արդարութիւն ու ճշմարտութիւն» կը պահանջէք, մինչդեռ ձեր ուզածը ու հետապնդածը, միայն իշխանատենջութիւնն է (զոր երբեք պիտի չտեսնէք, ոչ այսօր, ոչ ալ վաղը):

Բագրատ Սրբազանին շարժումը, որուն, չեմ գիտեր, ո՛վ ինչպէս կը հաւատայ կամ կը կառչի անոր, առանց թերագնահատելու կամ արհամարհելու անոր հաւատացողներուն ու հետեւորդներուն ուղին, մէկ բան յստակ է, որ 33 տարուան անկախութիւնը, այլեւս ոչ «դուխ»ով, ոչ «զուռնայ»ով, ոչ ալ քայլարշաւներով կը բարեկարգէ կամ կը փրկէ երկիրը:

Բոլոր թաւշասէրերը, թաւշահագերը, թաւշամէտերը ու թաւշակողմերը, եթէ կը կարծեն, որ այդ հանդերձանքներով կամ շարժումներով կրնան տեղ հասնիլ, թող մոռնան այդ ցնորքը, քանի որ Հայաստանի փրկութիւնը կ’ըլլայ ո՛չ թաւիշով, ո՛չ գորգով, ո՛չ ալ խսիրով, այլ… ԵՐԿԱԹԵԱՅ ԲՌՆՑՔԱՀԶՕՐՈՒԹԵԱՄԲ:

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

 (Պէյրութ)