Թուրքիոյ Քայսերի քաղաքին մէջ ցույցերը չեն դադրիր: Ատոնք սկսած են 2 օր առաջ, երբ յայտնի դարձած է, որ ծագումով սուրիացի տղամարդը 6-ամեայ երեխայի նկատմամբ սեռական բռնութիւն կիրառած է։
Վրդոված տեղացիները այս գիշեր շարունակած են մեքենաներ շրջել, տուներ հրկիզել, յարձակիլ փախստականներու վրայ: Անոնք պահանջած են արտաքսել բոլոր սուրիացի գաղթականները: Իրաւապահները շարք մը ցուցարարներ բերման ենթարկած են:
Լրատուամիջոցները յայտնած են, որ բողոքի ցոյցեր եղած են նաեւ Թուրքիոյ այլ բնակավայրերու մէջ, այդ ղարքին՝ Իսթանպուլի, Անթալիոյ եւ Պուրսայի մէջ:
Աւելի վաղ Քայսերիի իշխանութիւնը յայտնած էր կասկածեալի կալանաւորման մասին, խոստացած, որ անոր ընտանիքի անդամները պիտի արտաքսուին:
Լրատուամիջոցներու տուեալով՝ անհանգիստ է նաեւ Սուրիոյ մէջ: Սուրիացի ցուցարարները այրած են Թուրքիոյ դրօշը, մեքենաներ շրջած: