Օրերս Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած է Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւնները ներառող կառոյցի (ROACO) 97րդ լիագումար նիստը։ Այս հանգամանաւոր ժողովին որուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի վարչական խորհուրդի Ատենապետ` Գէորգ Եպս. Սարոյեան որուն Քահանայապետը ուղղեց իր յատուկ շնորհակալական խօսքերը, խնդրելով նաեւ, որ ան ողջոյններ փոխանցէ համայն սիրելի հայ ժողովուրդին։
Ի դէպ այդ ժողովի ընթացքին Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը այլ թեմաներու կողքին անդրադարձած է նաեւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն կիսելով անոնց ցաւն ու ապրած տառապանքը։
Ժողովին, Սրբազան Քահանայապետին ու նաեւ Մայր Աթոռի Միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Գէորգ եպս. Սարոյեանի սոյն ժողովին մասնակցութեան մասին հանգամանաւոր կերպով գրած է «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութեան պատասխանատու խմբագիր՝ Տիար Ռոպէր Աթթարեան
Ստորեւ այդ մասին ներկայացուցած լրատւութիւնը։
«Այս օրերուն դուք կեդրոնացաք նաև Ղարաբաղի տարածաշրջանէն տեղահանուածներու մարդասիրական իրավիճակի վրայ. շնորհակալութիւն այն բոլոր բաներուն համար, որ կատարուեցան ու պիտի կատարուին տուժածներուն օգնելու համար։ Կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Նորին Գերազանցութիւն Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյեանին այս օրերուն իր ներկայութեան համար. Տուն վերադառնալով կը խնդրեմ եղբայրական ողջոյններս փոխանցել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ-ին և սիրելի հայ ժողովրդին։ Ես երկու Գարեգիններու հանդիպած եմ՝ Առաջինին ու Երկրորդին, Պուենոս Այրեսի մէջ»։
Այս խօսքերը քաղուած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, ROACO-ի, այսինքն Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան բարեսիրական հաստատութիւնները ներառող կառոյցին անդամներուն ուղղած ճառէն, այս օրերուն գումարուած Ռոաքոյի տարեկան 97րդ լիագումար նիստին առիթով, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային Ծառայութեան գրասենեակի վարչական խորհուրդի Ատենապետ` Գէորգ Եպս. Սարոեան որուն Քահանայապետը ուղղեց իր յատուկ շնորհակալական խօսքերը, խնդրելով նաեւ ողջոյններ փոխանցէ համայն սիրելի հայ ժողովուրդին։
Արեւելքի մարտիրոս եկեղեցիները
Սրբազան Քահանայապետը ճառը սկսած էր ողջունելով Կարդինալ Կուճերոթթին` Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսուչթեան Վերատեսուչը եւ Վերատեսչութեան միւս պատասխանատուները ու նաեւ ROACO-ի անդամները մատնանշելով անոնց Արեւելեան Եկեղեցիներուն ի նպաստ գործունէութեան ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու հարուստ ժառանգութեան ու այդ եկեղեցիներուն միջեւ անոնք որոնք հաղորդութեան մէջ են Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ, այսինքն Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցիները, «որոնք կը հարստացնեն կաթողիկէ հաղորդութիւնը, իրենց պատմութեան վեհութեամբ և իրենց իւրայակութեամբ», ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով սակայն թէ «այդ գեղեցկութիւնը վիրաւոր է» ու թէ բազմաթիւ են Արեւելեան Եկեղեցիները, որոնք ծանրաբեռնուած են ծանր խաչով ու դարձած «մարտիրոս Եկեղեցիներ»։
«Անոնք վիրաւոր ու արիւնոտ են, ապրած բռնութիւններու ու հակամարտութիւններու պատճառաւ» յարեց Քահանայապետը մտաբերելով Սուրբ Երկիրը, Ուքրանիան, Սուրիան, Լիբանանը ու համայն Միջին Արեւելքը, ապա Կովկասը, Թիկրայը, ընդգծելով որ «կարող չենք անտարբեր մնալ»։
ROACO-ն եւ յոյսի սերմանողներու առաքելութիւնը
«Դուք ROACO-ի անդամներդ ձեռքերն ենք, որոնք օգնութիւն կը տանին, սփոփանք տառապողին եւ ձեր հաւաքը չէ եղած ճառեր արտասանելու համար կամ աշխարհաքաղաքական վերլուծումներ մշակելու այլ որոնելու ամենալաւ ձեւերը որպէսզի մօտիկ ըլլաք եւ մխիթարէք մեր արեւելցի եղբայրներն ու քոյրերը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրելով ներկաներէն որ շարունակեն թիկունք կանգնիլ կաթողիկէ արեւելեան եկեղեցիներուն, օգնութիւն մատուցելով անոնց այս ողբերգական պահուն ընթացքին»։
Սրբազան Պապը առ այդ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռոաքոյի բարեսիրական Գործակալութիւններու ներկայացուցիչներուն զանոնք որակելով «աւետարանողներ, մասնակից Եկեղեցւոյ առաքելութեան»։
«Դուք յոյսի սերմանողներ էք, վկաներ` կոչուած գործելու Աւետարանի ոճով, հեզութեամբ եւ ձեր ըրածին մեծ մասը յայտնի չէ աշխարհին, բայց հաճելի Աստուծոյ» նշեց Սրբազան Պապը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց որովհետեւ «կործանողին կը պատասխանեն կառուցելով, արժանապատուութիւնը խլողին, յոյս վերադարձնելով, մանուկներու արցունքին, սիրոյ ժպիտով եւ իշխանութեան չար տրամաբանութեան, քրիստոնէական ծառայութեամբ։ Ձեր ատելութեամբ ու պատերազմով ապականած արտին մէջ սերմանած սերմերը պիտի ծաղկին ու պտուղ պիտի տան եւ պիտի ըլլան մարգարէութիւն տարբեր աշխարհի մը համար, որ չի հաւատար աւելի զօրեղի օրէնքին, այլ անզէն խաղաղութեան ուժին» եղան Սրբազան Պապին քաջալերական խօսքերը։
Սուրբ Երկիրը, Ուքրանիա, Կովկաս...
Ան ապա ակնարկեց այս օրերուն հաւաքին ընթացքին քննքրկուած զանազան հարցերուն սկսեալ Սուրբ Երկրէն, հրաւիրելով աշխարհի հաւատացեալները իրենց մօտիկութիւնը ցուցբերելու այդ բնակչութեան, որպէսզի քրիստոնեաները քաջալերուին եւ իրենց հողերը լքելու փորձութիւնը չունենան»։
«Որքա՜ն ցաւ կը պատճառէ պատերազմը...եւ անոնք որոնք կը սնուցեն հակամարտութիւններու պարոյրը և անորմէ շահոյթ ու առաւելութիւններ կը ստանան կը կրկնեմ. Կանգ առէք։ Կանգ առէք, քանի որ բռնութիւնը երբեք խաղաղութիւն չի բերեր։ Հրատապ է զինադադարը, հանդիպիլ եւ երկխօսել, որպէսզի կարելի ըլլայ տարբեր ժողովուրդներու միջեւ համակեցութիւնը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս հաստատելով թէ պատերազմով ոչ մէկը կը յաղթէ ու բոլորն ալ պարտուած են։ «Որովհետեւ պատերազմը ի սկզբանէ պարտութիւն է» շեշտեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով անսալ զոհերուն, երիտասարդներու աղաղակին, մարդոց ու ժողովուրդիններու ճիչին։
Արտերկրի մէջ ապրող արեւելցի քրիստոնեաներուն դիմաց կայացած մարտահրաւէրները
Սրբազան Պապը ակնարկեց ապա Ուքրանիոյ յոյս յայտնելով, որ այնտեղ եւս բացուին խաղաղութեան նշոյլներ ու ազատ արձակուին պատերազմական բանտարկեալները ու մանուկները վերադառնան իրենց տուները։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ տեղահանուած Արցախահայերը ու անոնց ապրած մարդասիրական ճգնաժամը ու ճառի վերջին հատուածին մէջ խօսեցաւ սփիւռքի մէջ ապրող արեւելցի քրիստոնեայ հաւատացեալներու հովուական ծառայութեան մարտահրաւէրներու մասին, որոնց շարքին նաեւ կրօնական ինքնութեան ու ժառանգութեան կորուստի սպառնալիքը այս ծիրէն ներս հրաւէր ուղղելով Լատին Եկեղեցիներուն, որպէսզի չպակսեցնեն իրենց օգնութիւնը մինչ Արեւելեան Եկեղեցիներու վերատեսչութիւնէն խնդրեց աշխատելու այդ հարցի ուղղութեամբ։
Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյեանի վկայութիւնը
Ունկնդրութեան աւարտին Ռատիովատիկանի Հայկական Բաժանմունքի խմբագրութիւնը հեռախօսային կապ հաստատեց Գէորգ Եպիսկոպոս Սարոյանին հետ որ մեզի փոխանցեց այն տեղեկութիւնը թէ հանդիպումի աւարտին ինք առանձնազրոյց ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ անոր փոխանցելով ամբողջ աշխարհի հայութեան ողջոյնները ու խնդրեց որ աղօթէ Արցախէն տեղահանուած մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար։