image

Ալիեւ կը շարունակէ խօսիլ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի հռետորաբանութեամբ. Ան ակնարկած է ատրպէյճանցիներու Հայաստան վերադարձի իրաւունքին

Ալիեւ կը շարունակէ խօսիլ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի հռետորաբանութեամբ. Ան ակնարկած է ատրպէյճանցիներու Հայաստան վերադարձի իրաւունքին

Վերադարձի իրաւունքը պէտք է ապահովուի փոխադարձաբար, այդ շարքին՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի» ներկայացուցիչներու համար. այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝  ի պատասխան Գանատայի դեսպանի՝ վերադարձի իրաւունքի վերաբերեալ մեկնաբանութեան (նկատի ունի էթնիք զտման ենթարկուած արցախցիներու վերադարձը-Խմբ.)։

Ալիեւ պնդած է, թէ իբր անցեալ դարուն «բնիկ ատրպէյճանական բնակչութիւնը տարբեր փուլերու, վերջինը՝ 1988 թուականին, ենթարկուած է էթնիք զտումներու Հայաստանի տարածքին, իսկ անոր նիւթական եւ մշակութային ժառանգութիւնն ամբողջութեամբ ոչնչացած է»։

Նշենք, որ Ատրպէյճանը 2020-ի արցախեան պատերազմէն ետք աշխուժօրէն կը շրջանառէ անցեալին Հայաստանի մէջ բնակած ատրպէյճանցիները միաւորող, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ատրնէյճանի համայնք»ի եւ ատոր ներկայացուցիչներու՝ ՀՀ վերադառնալու «իրաւունքի» թեզը:

Ատրպէյճանի մէջ նոյնիսկ «Վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» փառատօն տեղի ունեցած էր, որու շրջածիրէն ներս հնչած էին կոչեր, որ «օր մը պիտի վերադառնան իրենց պատմական հայրենիք»: