Յունական Քիոս եւ Քոս կղզիներուն մէջ կը մոլեգնին անտառային հրդեհները, որու հետեւանքով զբօսաշրջիկները տարհանած են հիւրանոցներէն, յայտնած է Daily Mail-ը:
Նշուած է, որ աշխուժ զբօսաշրջային ուղղութիւններ հանդիսացող այս կղզիներուն մէջ երկինքն ամբողջովին պատուած է ծուխով, մինչդեռ զօրաւոր քամին կ՚արագցնէ կրակի տարածումը: Որպէս հրդեհներու բռնկման պատճառ նշուած է չափազանց երկար տեւած տաք եւ չոր եղանակը:
Կրակի դէմ պայքարող շուրջ 120 հրշէջի շարքերուն կան վիրաւորներ:
Երկրի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը կղզիներուն մէջ հանգստացողները նախազգուշացուցած է, որ հրդեհները կրնան շատ վտանգաւոր ըլլալ:
«Այս տարուան ամառը յատկապէս վտանգաւոր կրնայ ըլլալ անտառային հրդեհներու առումով», -ըսած է վարչապետը:
Ուղղաթիռներն ու օդանաւերը անընդհատ վերէն ջուր կը լեցնեն մոլեգնող անտառային հրդեհներու դէմ պայքարելու համար: