image

Դատարանը արդարացուց Ռոպէրթ Քոչարեանը, Եուրի Խաչատրեանը, Սէյրան Օհանեանը եւ Արմէն Գէորգեանը

Դատարանը արդարացուց Ռոպէրթ Քոչարեանը, Եուրի Խաչատրեանը, Սէյրան Օհանեանը եւ Արմէն Գէորգեանը

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը հրապարակեց ՀՀ երկրորդ նախագահ՝ Ռոպէրթ Քոչարեանի նկատմամբ Քրէական օրէնսգրքի 300․1 յօդուածով քրէական հետապնդումը դադրեցնելու եւ այդ մասով գործի վարոյթը կարճելու պաշտպանական կողմի դիմումի վերաբերեալ որոշումը: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես», դատաւոր Աննա Դանիբեկեան յայտարարեց, որ  դատարանը որոշում կայացուցած է Ռոպէրթ Քոչարեանի, 2008-ին Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ՝ Սէյրան Օհանեանի, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ՝ Եուրի Խաչատուրովի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնել` յանցագործութեան դէպքի բացակայութեան հիմքով, 2008-ի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Արմէն Գէորգեանին նկատմամբ Քրէական օրէնսգրքի 38-300.1 յօդուածով քրէական հետապնդումը դադրեցնել` յանցագործութեան դէպքի բացակայութեան հիմքով:

Դատարանը յայտարարեց, որ Ռոպէրթ Քոչարեանը, Սէյրան Օհանեանը, Եուրի Խաչատուրովը, Արմէն Գէորգեանը արդարացուած են: Որոշումը կրնայ բողոքարկուիլ Վերաքննիչ դատարան: