Օրերս Պէյրութի մէջ Հայ Աւետարանական Գոլէճի ամավերջի հանդէսի աւարտին պատուգրեր տրուած են նաեւ վեթերան եւ հանդիսութեան ներկայ հանդիսացող շրջանաւարտներու խումբի մը։
Պատիւի արժանացած անուններէն է նաեւ լիբանանահայ մամուլի երախտարժան գործիչներէն, ՌԱԿ «Զարթօնք» պարբերականի երկար տարիներու գլխաւոր խմբագիր՝ Տիար Պարոյր Աղպաշեան։
Ստորեւ այդ մասին ներկայացուած գրառումը, որ նկատեցինք Տիկին Անի Աղպաշեանի էջին։
Շաբաթ, 22 Յունիս 2024ին, Հայ Աւետարանական Գոլէճի 97րդ շրջանաւարտներու հունձքի ընթացքին, գեղեցիկ ու տպաւորիչ անակնկալ մը վերապահուած էր նաեւ 1964ի շրջանաւարտներու 60ամեակին:
Այդ առիթով, պատուըուեցան ու պարգեւատրուեցան՝ ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ, ԱԹԻՔԵԱՆ ԹԱԳՈՒՀԻ ՆԵՍԹԱ, ՔԵՐՈՎԲԷ ՉՈՊԱՆԵԱՆ, ԺԱՔ ԷՔՄԵՔՃԻ, որոնց յանձնուեցան յատուկ վկայագիրներ ու խորհրդանշական յուշաքանդակներ, առ ի յարգանք անոնց 60ամեայ վեթերանութեան հասանելիութեան, ձեռամբ՝ Վեր. Ժիրայր Ղազարեանի, հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Պրն. Ներսէս Պաղտոյեանի ու տնօրէն՝ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի:
Շնորհաւորելի են 60ամեայ վեթերան շրջանաւարտները:
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը