image

Հունգարիոյ վարչապետը Քիեւի մէջ կրակը դադրեցնելու կոչ ըրաւ

Հունգարիոյ վարչապետը Քիեւի մէջ կրակը դադրեցնելու կոչ ըրաւ

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթըր Օրպան յուլիս 2-ին ժամանած է Քիեւ՝ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ բանակցութիւններու համար։

Հունգարիայի վարչապետը յայտարարած է, որ խնդրած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիէն ուսումնասիրել հրադադարի հնարաւորութիւնը, յետոյ անցնիլ խաղաղութեան բանակցութիւններուն։ Օրպանի կարծիքով՝ հրադադարի հաստատումը կրնայ արագցնել բանակցութիւնները։ Այս մասին գրած է BBC-ն։

«Պատերազմը, որուն մէջ դուք այժմ կ՚ապրիք, շատ մեծ ազդեցութիւն ունի Եւրոպայի անվտանգութեան վրայ։ Մենք բարձր կը գնահատենք խաղաղութեան հասնելու նախագահ Զելենսքիի բոլոր նախաձեռնութիւնները։ Ես պարոն նախագահին ըսի, որ այս նախաձեռնութիւնները շատ ժամանակ կը պահանջեն։ Միջազգային դիւանագիտութեան կանոններու պատճառով ատոնք շատ բարդ են։ Ես խնդրեցի պարոն նախագահէն մտածել այն մասին, թէ արդեօք հնարաւոր կ՚ըլլայ քիչ մը այլ ճանապարհով շարժիլ, դադրեցնել կրակը եւ յետոյ շարունակել բանակցութիւնները», -ըսած է Հունգարիոյ վարչապետը մամուլի ասուլիսին:

Զելենսքին նշած է, որ Ուքրանիան բարձր գնահատած է Վիքթըր Օրպանի այցը ԵՄ-ի մէջ Հունգարիոյ նախագահութեան ժամանակ։

Վիկթըր Օրպանն ընդգծած է, որ Հունգարիան կը ցանկար բարելաւել յարաբերութիւնները Ուքրանիոյ հետ՝ հակառակ տարաձայնութիւններուն, եւ կնքել երկկողմ համագործակցութեան համաձայնագիր։

Պուտապեշթը պատրաստ է օգնելու արդիականացնել Ուքրանիոյ տնտեսութիւնը, նշած է վարչապետը։