image

Իսրայէլ պէտք է մէկ կողմ դնէ իր «ես»ը եւ ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը. The Jerusalem Post

Իսրայէլ պէտք է մէկ կողմ դնէ իր «ես»ը եւ ընդունի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը. The Jerusalem Post

Իսրայէլ դանդաղ, բայց վստահաբար կը դառնայ փոքրամասնութիւն արեւմտեան երկրներու շարքին: Այս շաբաթ, հետեւելով Պաղեստինի պետականութեան ճանաչման խնդրին մեր լուսաբանման ընթացքին, ընթերցող մը կապ հաստատեց մեզ հետ եւ մատնանշեց. «Անբարեխիղճ է, որ Իսրայէլ կը շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կ’օգտագործէ 1,5 միլիոն հայու մահը որպէս դիւանագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու քաղաքական մահակ»:

Ան, ի հարկէ, չի սխալիր: Ցեղասպանութեան ճանաչումը պարզ բան է բոլորին համար, ովքեր ծանօթ են «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի հիմնական սահմանումին եւ Օսմանեան կայսրութեան ձեռքով զոհուած միլիոնաւոր մարդկանց մասին յստակ տուեալներուն:

Եթէ Իսրայէլ կը ցանկայ միջազգայնօրէն ճանչցուիլ որպէս ողջախոհութեան եւ օրինական բարոյականութեան ձայն, ան պէտք է գործէ բարոյապէս: Մէկ կո՛ղմ դրէք ձեր եսը, ճանչցէ՛ք Հայոց ցեղասպանութիւնը», - եզրափակած է հեղինակը:

 

The Jerusalem Post պարբերականը հրապարակած է «Իսրայէլ այժմ առաւել քան երբեք պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը» վերտառութեամբ յօդուածը, որու պարբերականի գլխաւոր խմբագրի տեղակալ Թամար Ուրիէլ Բերին ստեղծուած աշխարհաքաղաքական բնաբանին մէջ կ’անդրադառնայ հայ-իսրայէլական յարաբերութիւններուն:

 

Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ ՀՀ-ն ճանչցած է Պաղեստինի անկախութիւնը՝ ընդգծելով, որ Իսրայէլի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր լարուած են, եւ այդ մէկը պայմանաւորուած է մի քանի գործօնով. «Առաջինը զինուած հակամարտութեան պայմաններուն մէջ Իսրայէլի աջակցութիւնն է Ատրպէյճանին։ Սթոքհոլմի Խաղաղութեան միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկի 2021 թուականին հրապարակուած զեկոյցի համաձայն՝ զեկոյցի հրապարակումի նախորդող հինգ տարիներուն Իսրայէլ եղած է Ատրպէյճանի զէնքի ներմուծման 69%-ի աղբիւրը», - կը գրէ հեղինակը։

Այնուհետեւ ան կը մէջբերէ  Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Յակոբեանի՝ այս հարցով անցեալ տարուայ սեպտեմբերին The Jerusalem Post-ին տուած մեկնաբանութիւնը. «Ատրպէյճանը միլիառաւոր տոլարներու իսրայէլական զէնք կը գնէ, համագործակցութիւն կայ ռազմական պաշտպանութեան եւ հետախուզութեան ոլորտին մէջ։ Ատրպէյճանական Silk Way Airlines ընկերութիւնը յաճախակի թռիչքներ  կը կատարէ Իսրայէլ՝ զէնք ներկրելու նպատակով: Մինչ այս վերջին յարձակումին, ինքնաթիռը անմիջապէս Իսրայէլէն ուղղութիւն առած էր դէպի Գյանջա քաղաք, որ կը գտնուի  Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսը։ Ցանկացած երկրին կրնայ զէնք վաճառել եւ գնել։ Խնդիրն այն է, որ այդ զէնքերը կը յայտնուին  մեր սահմաններուն մէջ ու կը կրակեն խաղաղ                       բնակչութեան վրայ:»

 

Յաջորդ կէտը, ըստ աղբիւրին, այն է, որ Իսրայէլ պաշտօնապէս չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը։

 

«1982 թուականի գարնան Երուսաղէմի մէջ եւ Թէլ Ավիվի Հոլոքոստի եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ առաջին միջազգային համաժողովէն առաջ Թուրքիան պահանջած էր ջնջել Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած վեց նիստերը եւ բացառել հայախօս մասնակիցներուն։ Անոնք սպառնացած էին դադրեցնել Իրանէն եւ Սուրիայէն փախուստի դիմող հրեաներու պաշտպանութիւնը, եթէ Իսրայէլի կառավարութիւնը համաձայնի իրենց պահանջին:

 

2023 թուականի դրութեամբ շուրջ 34 երկիր ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Սակայն Իսրայէլ, որտեղ կ’ապրին ցեղասպանութիւն, ջարդեր և խոշտանգումներ վերապրած մարդիկ, դեռ այդ չէ ըրած: Լայնօրէն ընդունուած է, որ Ատոլֆ Հիթլէր կը կարծէր, որ կրնայ իր վայրագութիւնները կատարել առանց հետեւանքներու, քանի որ Հայոց ցեղասպանութեան մեղաւորները հիմնականին մէջ խուսափած են պատիժէ:

 

Իսրայէլ դանդաղ, բայց վստահաբար կը դառնայ փոքրամասնութիւն արեւմտեան երկրներու շարքին: Այս շաբաթ, հետեւելով Պաղեստինի պետականութեան ճանաչման խնդրին մեր լուսաբանման ընթացքին, ընթերցող մը կապ հաստատեց մեզ հետ եւ մատնանշեց. «Անբարեխիղճ է, որ Իսրայէլ կը շարունակէ ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կ’օգտագործէ 1,5 միլիոն հայու մահը որպէս դիւանագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու քաղաքական մահակ»:

Ան, ի հարկէ, չի սխալիր: Ցեղասպանութեան ճանաչումը պարզ բան է բոլորին համար, ովքեր ծանօթ են «ցեղասպանութիւն» եզրոյթի հիմնական սահմանումին եւ Օսմանեան կայսրութեան ձեռքով զոհուած միլիոնաւոր մարդկանց մասին յստակ տուեալներուն:

Եթէ Իսրայէլ կը ցանկայ միջազգայնօրէն ճանչցուիլ որպէս ողջախոհութեան եւ օրինական բարոյականութեան ձայն, ան պէտք է գործէ բարոյապէս: Մէկ կո՛ղմ դրէք ձեր եսը, ճանչցէ՛ք Հայոց ցեղասպանութիւնը», - եզրափակած է հեղինակը:

 

Նիւթը  թարգմանած էր՝ «Թերթ.ամ»ը։

«Արեւելք»ին համար պատրաստեց՝ Ն.Ք.