image

Թուրքիոյ մէջ. Հանրայայտ դերասան Գրիգոր Տինչգայըքճը քահանայի դերով հանդէս պիտի գայ (Լուսանկարներ)

Թուրքիոյ մէջ. Հանրայայտ դերասան Գրիգոր Տինչգայըքճը քահանայի դերով հանդէս  պիտի գայ (Լուսանկարներ)

Թուրքիոյ մէջ, օրերս սպիտակ պաստառ բարձրացած է թուրք եւ յոյն երկու ընտանիքներու ոդիսականի մասին պատմող «Եաքամօզ» անունով շարժանկարը, որուն մէջ յայտնի դերասան Գրիգոր Տինչգայըքճը կը մարմնաւորէ քահանայի մը կերպարը։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ  «Նոր Մարմարա»էն, որ այդ մասին պատմելով գրած է՝

Երէկ շարժանկարներու սրահներուն մէջ սպիտակ պաստառ բարձրացաւ «Եաքամօզ» անունով ժապաւէնը, որ կը պատմէ թուրք եւ յոյն երկու ընտանիքներու ոդիսականի մասին։ Այս ընտանիքները Լոզանի պայմանագրին որպէս յաւելում ստորագրուած համաձայնագրի բերումով ենթարկուած էին փոխանակման, այսինքն բռնի կերպով տեղահանուած էին իրենց բնակութեան վայրերէն։ 

Յայտնի դերասան Գրիգոր Տինչգայըքճը շարժանկարին մէջ կը մարմնաւորէ քահանայի մը կերպարը։ Դէպքերը տեղի կ'ունենան 1924 թուականին։ Թուրք ձկնորս Իսմայիլ Ռէյիս, զոր կը մարմնաւորէ Եթքին Տիքինճիլէր, եւ իր ընտանիքը Քաւալայէն ստիպողաբար կը գաղթեն Կեդրոնական Անատոլուի Կէլվէրի քաղաքը։ Երկրորդ ստիպողութիւնն ալ կ'ըլլայ նոյն տունը բաժնել յոյն բրուտ Տիմիթրիոսի ¤դերասան Էնկին Ալգան_ եւ անոր ընտանիքին հետ, որոնց նոյնպէս կը սպասէր նոյն ճակատագիրը՝ այս անգամ Թուրքիայէն դէպի Յունաստան։

Բնակչութեան փոխանակման 100ամեակի առթիւ նկարահանուած այս ժապաւէնի բեմագիրն է Ալի Ճան Եարաշ, որ բեմագիրն էր «Էլվէտա Ռումէլի» հաղորդաշարի։ «Եաքամօզ»ին մէջ կամայ-ակամայ իրարու հետ կը խաչաձեւուին երկու տարբեր մշակոյթներու տէր, երկու տարբեր ընտանիքներու տրամաթիք պատմութիւնները։ Յունարէնը, հին յունարէնը նոյնպէս տեղ ունին այս ժապաւէնին մէջ։ «Մեզ փոթորիկը տարաւ» անունով ժողովրդական երգը յունարէնով կը մեկնաբանէ երգչուի Նիրան Իւնսալ։ Շարժանկարը նկարահանուած է 12 օրուայ մէջ։

Կը շնորհաւորենք Գրիգոր Տինչգայըքճըն, մաղթելով որ շարժանկարը արժանի ընդունելութիւնը գտնէ հանդիսատեսներուն մօտ։