image

Բերիոյ Թեմ. Տեղի ունեցած է Հայրապետական Մաղթանք

Բերիոյ Թեմ. Տեղի ունեցած է Հայրապետական Մաղթանք

Բերիոյ Հայոց Թեմի շրջաններու՝ Հալէպի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հայրապետական Մաղթանքի արարողակարգ կատարուած է՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29-ամեակին առիթով:

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին  կը գրէ՝ 

Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 30 Յունիս 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի շրջաններու՝ Հալէպի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հայրապետական Մաղթանքի արարողակարգ կատարուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29-ամեակին առիթով:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ Հայրապետական մաղթանքի արարողակարգ կատարեց։

Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան Հայրապետական մաղթանքի արարողակարգ կատարեցին, որուն ընթացքին գոհաբանական աղօթք բարձրացաւ եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգը երգուեցաւ՝ Վեհափառ Հայրապետին քաջառողջութեան եւ ընդ երկար գահակալութեան համար։