image

Անիի  Ապուղամրեց եկեղեցւոյ պատերու մաքրութեան աշխատանք  կը կատարուի

Անիի  Ապուղամրեց եկեղեցւոյ պատերու մաքրութեան աշխատանք  կը կատարուի

Անիի մէջ ծայր առած պեղումներու հետ միաժամանակ կը կատարուին նաեւ պատմական յուշարձանները եւ շրջակայ միջավայրը մաքրելու աշխատանքներ։

Այս ծիրէն ներս սկսած են նաեւ Անիի Ապուղամրենց Սուրբ Գրիգոր հայկական եկեղեցւոյ պատերը մաքրելու աշխատանքներ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Անատոլու լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ որ միջոցէ մը ի վեր աշխատանք կը տարուի Անիի Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ պատերու գրութիւնները մաքրելու համար։ Մասնագէտներ կ'աշխատին ու կը փորձեն «վերացնել» այն գրութիւնները, որոնք զանազաններու կողմէ փորագրուած են իբրեւ «յիշատակ» հոն այցելելու մասին։ Այս գործընթացը կը կատարուի Անիի աւերակներուն մէջ սկսած պեղումներու շրջագծով։ 

Կովկասի համալսարանի դասախօս Մուհամմետ Արսլան, որու ղեկավարութեամբ կ'իրագործուին Անիի պեղումները, խօսեցաւ Անատոլու գործակալութեան թղթակցին եւ պատմեց որ վերոյիշեալ եկեղեցին կառուցուած է 10րդ դարավերջին։ Ան շեշտեց որ ամէն մարդ եւ յատկապէս հասուն տարիքի անձեր, տէր պէտք է կանգնին մշակութային արժէքներուն, նշեց պատմական յուշարձաններու պահպանութեան մասին հասարակութեան մէջ գիտակցութիւն ձեւաւորելու անհրաժեշտութիւնը։

Արսլան յատկապէս ընդգծեց հետեւեալը. «“Կը պահանջենք, որ բոլորը պահպանեն Անիի յուշարձանները, մշակութային հարստութիւնները։ Կը նախազգուշացնենք, որ վնաս չհասցնեն այս պատմական կառոյցներուն։ Անին մեր բոլորին կը պատկանի։ Անկախ անկէ, թէ ան ո՛ր քաղաքակրթութեան կը պատկանի՝ այս վայրը կը գտնուի ամէնուս պատասխանատւութեան ներքեւ»։