image

Քրեմլ կը հերքէ. Միջնորդաւորուած շնորհաւորանք չենք կատարած Թրամփին

Քրեմլ կը հերքէ. Միջնորդաւորուած շնորհաւորանք չենք կատարած Թրամփին

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով ոչ արժանահաւատ որակած է տեղեկութիւնը, որ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարի տեղակալ Տմիթրի Մետվետեւը իբր «ծանօթներու միջոցով» շնորհաւորած են Թրամփը Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակի կապակցութեամբ։

Այս մասին Փեսքովն ըսած է RTVI-ին, երբ անորմէ խնդրած են մեկնաբանել համացանցի մէջ շրջանառուող տեղեկութիւնը։

Քրեմլի խօսնակն աւելի վաղ ըսած էր, որ տեղեակ չէ Փութինի՝ Թրամփը շնորհաւորելու վերաբերեալ ծրագրերէն: Ան նշած էր, որ «խօսքը ոչ բարեկամ երկրի մասին է, որ ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն ներգրաւուած է Ռուսիոյ դէմ պատերազմին»։

Միեւնոյն ժամանակ, Փեսքովի խօսքով, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը բաց է կառուցողական երկխօսութեան համար՝ «հիմնուած արդարութեան, հաւասարութեան եւ իրար մտահոգութիւնները հաշուի առնելու պատրաստակամութեան վրայ»։

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընտրութիւններէն ետք յայտարարութեան մէջ նշած էր, որ Տանըլտ Թրամփի յաղթանակը կ՚արտացոլէ ամերիկացիներու դժգոհութիւնը դեմոկրատներու ուղղութենէն, սակայն Մոսկուան «պատրանքներ չունի» ընտրուած նախագահի հետ կապուած։ Ըստ գերատեսչութեան՝ «Միացեալ Նահանգներու մէջ իշխող քաղաքական վերնախաւը, անկախ կուսակցական պատկանելութենէն, հաւատարիմ է հակառուսական վերաբերմունքին»։