Օրերս, Պէյրութի մէջ կայացած է գաղթականներու խորհրդարանական յանձնախումբի ժողովը` քննարկելու համար իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով ծայր առած լիբանանցի գաղթականներու խնդիրը: Ժողովը վարած է երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ազդակ» օրաթերթէն։
Ստորեւ` տրուած հաղորդագրութիւնը։
Նախագահութեամբ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ կայացաւ գաղթականներու խորհրդարանական յանձնախումբի ժողովը` քննարկելու համար իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով ծայր առած լիբանանցի գաղթականներու խնդիրը:
Յանձնախումբի անդամները լայնօրէն արծարծեցին գաղթականներու ներկայ իրավիճակը մարդկային, ընկերային, տնտեսական, կրթական, կենցաղային, առողջապահական եւ քաղաքական գետիններու վրայ եւ որոշեցին համապատասխան նախարարութեանց հետ քննարկումներ կատարել` թեթեւցնելու համար գաղթականութեան պատճառած տագնապները: